Թուր­քիոյ մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը դար­ձած է մտա­ւո­րա­կան ըլ­լա­լու չա­փա­նիշ - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

05 Kasım 2017  

Թուր­քիոյ մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը դար­ձած է մտա­ւո­րա­կան ըլ­լա­լու չա­փա­նիշ -

Թուր­քիոյ մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը դար­ձած է մտա­ւո­րա­կան ըլ­լա­լու չա­փա­նիշ Թուր­քիոյ մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը դար­ձած է մտա­ւո­րա­կան ըլ­լա­լու չա­փա­նիշ

Թուր­քիոյ յայտ­նի այ­լա­խոհ մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն ­Ռա­կըպ ­Զա­րա­քօ­լու թրքա­կան «artigercek.com» կայ­քի իր սիւ­նա­կին մէջ կրկին անդ­րա­դար­ձած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան:

Ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լով այն փաս­տին վրայ, որ Եւ­րո­պա­կան ­Խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան ­Վե­հա­ժո­ղո­վը Ի­րա­քի եւ ­Սու­րիոյ մէջ «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ո­րա­կած է իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք ե­զի­տի­նե­րու, քրիս­տո­նեա­նե­րու եւ ա­լաո­ւի­նե­րու դէմ՝ ­Զա­րա­քօ­լու շեշ­տած է, որ այս ա­րարք­նե­րը 1915ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն են եւ ա­ւել­ցու­ցած է, թէ բո­լո­րը պէտք է նախ ա­ռե­րե­սո­ւին ի­րենց պատ­մու­թեան հետ, նոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ կան­խե­լու հա­մար:

Զա­րա­քօ­լու ընդգ­ծած է ­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան եւ ­Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու ան­ցեա­լին հետ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ նշե­լով, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հեր­քող ո­րե­ւէ երկ­րի քա­ղա­քա­ցի չի կրնար ա­պա­հով զգալ:

Միա­ժա­մա­նակ՝ մտա­ւո­րա­կա­նը հպար­տու­թեամբ նշած է, որ թէեւ ի­րենք ծանր գին կը վճա­րեն ճշմար­տու­թիւ­նը բարձ­րա­ձայ­նե­լու հա­մար, սա­կայն այ­սօր ­Թուր­քիոյ մէջ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը դար­ձած է մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըլ­լա­լու իւ­րօ­րի­նակ չա­փա­նիշ:

Զա­րա­քօ­լու գրած է.- «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, կը նշա­նա­կէ ը­սել՝ «Ա­յո՛, ը­րած ենք եւ ե­թէ պէտք ըլ­լայ՝ նո­րէ՛ն կ­՛ը­նենք»»: Ան ցաւ յայտ­նած է, որ հա­յե­րը այ­սօր հա­սած են այն­պի­սի վի­ճա­կի, ուր «ամ­բողջ ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին ի­րենց ազ­գա­յին ինք­նու­թեամբ կրնան ապ­րիլ միա՛յն ­Պոլ­սոյ մէջ, եւ այդ ալ՝ մշտա­կան վա­խի մէջ»: Ն­շենք, որ ­Զա­րա­քօ­լո­ւի հիմ­նած «­Պել­կէ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ա­ռա­ջին­նե­րէն էր ­Թուր­քիոյ մէջ, որ անդ­րա­դար­ձած է Հայ­կա­կան ­Հար­ցին՝ 1990ա­կան­նե­րու սկիզբ­նե­րը: Հ­րա­տա­րակ­չա­տու­նը հրա­պա­րա­կած է «­Յու­շա­մա­տեան Ապ­րիլ 24ի», «­Թուր­քիոյ վա­րած ու­ծաց­ման եւ լե­զո­ւաս­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը», «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եւ ­Հայ­կա­կան հար­ցին նո­ւի­րո­ւած տաս­նեակ մը այլ գիր­քեր






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+