​Հայաստան Բերուած Ժամանակակից ու Բարձրակարգ Ելեկտրագնացքը Պիտօ Աշխատի Երեւան-Գիւմրի Ուղղութեամբ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

19 Ekim 2017  

​Հայաստան Բերուած Ժամանակակից ու Բարձրակարգ Ելեկտրագնացքը Պիտօ Աշխատի Երեւան-Գիւմրի Ուղղութեամբ -

​Հայաստան Բերուած Ժամանակակից ու Բարձրակարգ Ելեկտրագնացքը Պիտօ Աշխատի Երեւան-Գիւմրի Ուղղութեամբ ​Հայաստան Բերուած Ժամանակակից ու Բարձրակարգ Ելեկտրագնացքը Պիտօ Աշխատի Երեւան-Գիւմրի Ուղղութեամբ

Ռուսիայէն Հայաստան բերուած նոր, ժամանակակից ու բարձրակարգ ելեկտրագնացքը պիտի աշխատի Երեւան-Գիւմրի ուղղութեամբ: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ» ընկերութեան մամուլի խօսնակ Վարդան Ալոյեանը: «Հիմա անիկա փորձարկումներու կ՛երթարկուի, որպէսզի հասկնանք, թէ որքանով յարմար է Հայաստանի պայմաններուն: Որոշակի ժամանակ պիտի ստուգուի գնացքի տեխնիկական վիճակը, պիտի փորձարկուի, թէ որքանով անիկա յարմար է Հայաստանի ելեւէջքի պայմաններուն, երկաթուղային ճանապարհներուն, ենթակառուցուածքներու արհեստագիտական հնարաւորութիւններուն: Այդ նոյն գնացքէն կ՛օգտագործեն նաեւ Ռուսիան, Ղազախիստանը եւ որեւէ խնդիր չէ եղած: Կը կարծեմ, որ մեր մօտ ալ որեւէ խնդիր պիտի չըլլայ, եւ շուտով անիկա պիտի սկսի աշխատելու»,- ըսած է Ալոյեան:

Ան աւելցուցած է, որ գնացքը ունի երկու վագոն` ընդհանուր 129 նստատեղով: Անոր խօսքով` Երեւան-Գիւմրի ուղղութեամբ գնացքէն օգտուողներու թիւը սովորաբար չի գերազանցեր 100-ը, ուստի անիկա շատ յարմար պիտի ըլլայ այդ ուղղութեամբ աշխատելու համար: «Բացի նստատեղերէն, գնացքը յարմար է նաեւ կանգնած ուղեւորներ տեղափոխելու համար: Եթէ նոյնիսկ նստելու տեղեր չըլլան անկէ օգտուելու հնարաւորութիւն կ’ունենան նաեւ այն ուղեւորները, որոք ոչ թէ Գիւմրի կ՛եթան կամ Գիւմրիէն Երեւան, այլ այդ գիծի վրայ գտնուող աւելի մօտ բնակավայրեր: Քանի որ հեռու պիտի չերթան, անոնք կրնան կանգնած ուղեւորուել, իսկ գնացքը կանգնած ուղեւորներու տեղափոխելու հնարաւորութիւն ունի»,- մանրամասնած է ան:

Գնացքը ունի օդափոխման, մանրէազերծման, հակահրդեհային համակարգեր, վթարային ելքի պատուհաններ, տեղեկատուութիւն ներկայացնող պաստառներ, կահաւորուած է յարմարաւէտ աթոռներով: ելեկտրագնացքը յարմարաւէտ է բոլորին, ինչպէս նաեւ` հենաշարժական խնդիրներ ունեցող ուղեւորներու համար: Անիկա կահաւորուած է վերելակներով: Սայլակներով տեղաշարժուող ուղեւորները ատոր օգնութեամբ կրնան բարձրանալ եւ իջնել վակոններէն:

Ալոյեանը կարեւորեց նաեւ որ նոր ելեկտրական գնացքին մէջ կը բացառուի ծխելը, քանի որ անիկա ունի հակածխախոտային ազդանշանի համակարգ։

Եթէ ելեկտրագնացքի օգտագործումը յաջողի, ապա յառաջիկային հնարաւոր է Հայաստան բերուին նորերը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+