Քոնկրեսի Աւելի Քան 100 Անդամ Պաշտպանած Է Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Մասին Բանաձեւի Ընդունումը -  
 
	
 
	Քոնկրեսի Աւելի Քան 100 Անդամ Պաշտպանած Է Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Մասին Բանաձեւի Ընդունումը
	
	 
	 
	
	Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի աւելի քան 100 անդամ պաշտպանած է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման մասին բանաձեւը: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Քոնկրեսականներու այս աշխուժութիւնը համընկնած է «Խոստում» ժապաւէնի ցուցադրութեան եւ «Մերժման ճարտարապետները» փաստագրական ժապաւէնի ապագայ շնորհահանդէսին: Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ օգտուելու  Հայոց ցեղասպանութեան դասերէն` Միջին Արեւելքի մէջ ապագայ  ցեղասպանութիւնները կանխելու համար:
Ցեղասպանութիւններու պատմութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի դէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ աճող յարձակումներուն հանդէպ   հետաքրքրութիւնը յառաջացուցած է օրէնսդիրներուն ուշադրութիւնը: Ատիկա արձանագրած է Հայ դատի գրասենեակը ամբողջ երկրին մէջ 200 օրէնսդիրներու հետ հանդիպումներու ընթացքին:
Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան քոնկրեսականներուն շնորհակալութիւն յայտնած է բանաձեւին աջակցելու համար:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com