​Տինքի Սպանութենէն 15 Օր Առաջ Հայալ Հանդիպումներ Ունեցած Է Հետախուզական Կոմիտէի Անդամներու Հետ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

05 Ekim 2017  

​Տինքի Սպանութենէն 15 Օր Առաջ Հայալ Հանդիպումներ Ունեցած Է Հետախուզական Կոմիտէի Անդամներու Հետ -

​Տինքի Սպանութենէն 15 Օր Առաջ Հայալ Հանդիպումներ Ունեցած Է Հետախուզական Կոմիտէի Անդամներու Հետ ​Տինքի Սպանութենէն 15 Օր Առաջ Հայալ Հանդիպումներ Ունեցած Է Հետախուզական Կոմիտէի Անդամներու Հետ

Սեպտեմբեր 3-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստը, որուն ընթացքին պաշտպանական ճառ արտասանած է մեղադրեալներէն «Ֆոքս Թի.Վի.» թրքական ծառայութեան տնօրէն, լրագրող Էրճան Կիւն:

Նախորդ դատական նիստին ընթացքին ան պատմած էր, թէ ինչպէ՛ս Տինքի սպանութենէն ետք մամուլին մէջ տարածուած մարդասպան Օկիւն Սամասթի` թրքական դրօշով լուսանկարներն ու տեսագրութիւնը: Յիշեցնենք, որ Էրճան Կիւն այն լրագրողն է, որ առաջինը տարածած է այդ տեսագրութիւնն ու լուսանկարները:

«Ակօս» կը գրէ, թէ Կիւն պատմած է, որ իր ձերբակալութենէն ետք ան կիսազինուորական ոստիկանութեան նախկին աշխատակիցներէն մէկէն տեղեկացած է, որ Տինքի գործով մեղադրեալներէն Եասին Հայալը սպանութենէն 15 օր առաջ աշխուժ կապի մէջ եղած է Հետախուզական կոմիտէին հետ եւ պարբերաբար այցելած է կառոյցի գործակալներէն մէկուն:

«Կիսազինուորական ոստիկան Վայսել Շահին ըսաւ, որ լսած է, թէ Հայալը Տրապիզոնի մէջ կու գայ-կ’երթայ Հետախուզական կոմիտէ եւ յանձնարարութիւն ստացած է: Ատիկա տեղի ունեցած է սպանութենէն տակաւին 15 օր առաջ: Իսկ թէ ի՞նչ յանձնարարութիւն ստացած է` կիսազինուորական ոստիկանը չի գիտեր: Ըսաւ` չեմ ուզեր զիս խնդիրներու մէջ մտցնել», պատմած է Կիւն:

2012-ին Հրանդ Տինքի սպանութեան կազմակերպման մեղադրանքով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Եասին Հայալ նամակ գրած էր դատարան` պնդելով, որ սպանութեան գլխաւոր մեղաւորը գործով արդարացուած Էրհան Թունճելն է: 2013-ի հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած Էրհան Թունճելը ձերբակալութենէն ետք յայտարարած էր, որ ան կը վճարէ պետութեան համար կատարած ծառայութեան գինը:

Թունճել իր կարգին նիստի ընթացքին ամբողջ մեղքը բարդած է ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան վարչութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն վրայ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+