​Միշիկըն ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

02 Ekim 2017  

​Միշիկըն ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը -

​Միշիկըն ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը ​Միշիկըն ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը

Մի­շի­կըն նա­հան­գի ­Ծե­րա­կոյ­տը ­Հինգ­շաբ­թի՝ 29 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ հաս­տա­տեց թիւ 99 բա­նա­ձե­ւը, որ կոչ կ­՛ուղ­ղէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան՝ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հետ տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կապ հաս­տա­տե­լու եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան ու կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղո­ւած ճի­գե­րուն զօ­րակ­ցե­լու:

Մի­շի­կը­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը ճանչ­ցող այս բա­նա­ձե­ւը ներ­կա­յա­ցո­ւած է ­Մի­շի­կը­նի թիւ 5 ընտ­րաշր­ջա­նի ժո­ղովր­դա­վար ծե­րա­կու­տա­կան ­Տէյ­վիտ Ք­նե­զէ­քի կող­մէ:

Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Լա­րա ­Ներ­սի­սեան այս առ­թիւ կը յայտ­նէ.- «Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման շուրջ ­Մի­շի­կը­նի ­Ծե­րա­կոյ­տին քայ­լը ամ­րօ­րէն կը վե­րա­հաս­տա­տէ ա­մե­րի­կեան մեր յա­մառ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եւ ինք­նո­րոշ­ման սկզբունք­նե­րուն հան­դէպ, միեւ­նոյն ա­տեն ու­ժեղ հա­րո­ւած տա­լով այս խա­ղա­ղու­թեան նա­խան­ձախն­դիր հան­րա­պե­տու­թիւ­նը մշտա­կան յար­ձակ­ման են­թար­կող Ատրպէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւին: ­Մեծ ­Լի­ճե­րու նա­հան­գի (­Մի­շի­կըն) եւ ամ­բողջ ­Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին ապ­րող հա­յե­րը կը գնա­հա­տեն ծե­րա­կու­տա­կան Ք­նե­զէ­քի եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րուն Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի կող­քին ըլ­լա­լու դիր­քո­րո­շու­մը»: «Ար­ցա­խի պատ­մու­թիւ­նը իս­կա­կա՛ն ա­մե­րի­կեան պատ­մու­թիւն է. ա­զա­տու­թեան, ինք­նո­րոշ­ման, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան ձգտու­մի պատ­մու­թիւն»,- իր կար­գին յայ­տա­րա­րեց ծե­րա­կու­տա­կան Ք­նե­զէք՝ ա­ւելց­նե­լով, որ «մի­շի­կըն­ցիք հպարտ են միա­նա­լով Ար­ցա­խին եւ ող­ջու­նե­լով այս հա­սա­րա­կաց ար­ժէք­նե­րը, մինչ մենք կ­՛աշ­խա­տինք ըն­դար­ձա­կե­լու ­Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ-Ար­ցախ մշա­կու­թա­յին ու տնտե­սա­կան կա­պե­րը եւ կը զօ­րակ­ցինք այդ շրջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու ճի­գե­րուն»:

Այս պատ­մա­կան քո­ւէար­կու­թեան ներ­կայ գտնո­ւած է Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ Ար­ցա­խի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Ռո­պերթ Ա­ւե­տի­սեան, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ծե­րա­կու­տա­կան Ք­նե­զէ­քին, ինչ­պէս նաեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն՝ ­Մի­շի­կը­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թեան եւ ա­նոր ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար: «­Կը յու­սանք, որ ­Մի­շի­կը­նի կող­մէ ճա­նա­չու­մը օ­րի­նակ կը դառ­նայ աշ­խար­հի տար­բեր շրջան­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րուն»,- յայ­տա­րա­րեց Ա­ւե­տի­սեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+