Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Մօտ Հիւրեր - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

30 Eylül 2017  

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Մօտ Հիւրեր -

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Մօտ Հիւրեր Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Մօտ Հիւրեր

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թաւրան եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։

Զրոյցի ընթացքին տեղապահ սրբազան հայրը հետաքրքրուեցաւ Գումգաբուի Դրսի երբեմնի Վառվառեան վարժարանի շէնքի ամբողջութեամբ ազատուելու վերաբերեալ հարցումը։ Ինչպէս ծանօթ է, Կէտիփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը պիտի վերահաստատուէր Վառվառեան վարժարանի շէնքին մէջ, սակայն այդ ծրագիրը կեանքի կոչել կարելի չեղաւ՝ որովհետեւ Գումգաբուի Դրսի թաղային խորհուրդը չկրցաւ ապահովել նախկին դպրոցի տարածքի ազատուիլը։ Զրոյցի ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յայտնեց, որ վերջին շրջանին տեղեակ դարձած է այս խնդրի մանրամասնութիւններուն եւ հարկ կը համարէ «Հրանդ Տինք» դպրոցի աւելի ընդարձակ ու նպատակայարմար երդիքի մը տակ հաստատուիլը։ Նորին սրբազնութիւնը մօտաւոր անցեալին ընդունած էր նաեւ «Հրանդ Տինք» դըպ-րոցի պատասխանատուները։ Ան այդ թարմ տեղեկութիւններու լոյսի տակ խորհրդակցեցաւ նաեւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անդամներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին թաղականներն ալ նորին սրբազնութեան նկատառման յանձնեցին իրենց մօտեցումները եւ խնդիրը ներկայացուցին իրենց տեսանկիւնէն։
Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ տեղապահ սրբազան հայրը կը նախատեսէ յառաջիկայ օրերուն Գումգաբուի մէջ մասնաւոր խորհրդակցութիւն մը կազմակերպել այս նիւթին շուրջ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ուրախութիւն յայտնեց Գումգաբուի Դրսի թաղականներուն հետ տեսակցութեան առիթին բերումով։ Ան ըրաւ նաեւ հայրական թելադրութիւններ եւ յիշեցուց, որ նման ծրագրեր կեանքի կոչելու ճանապարհին նպատակայարմար է առաջին հերթին ունենալ լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններ եւ գործը ուսումնասիրել բոլոր երեսակներով։ Տեղապահ սրբազան հայրը ընդգծեց, որ յառաջիկային հետեւողականօրէն հետամուտ պիտի ըլլայ այս խնդրին։

Զրոյցի տեւողութեան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան տեղեկութիւններ ստացաւ նաեւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ծաւալուած միւս աշխատանքներուն շուրջ եւ թաղային խորհուրդի անդամներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքները։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2017








Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+