Մարդ Մը, Որուն Համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ-ը Գերագոյն եւ Բացարձակ Արժէք է - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

28 Eylül 2017  

Մարդ Մը, Որուն Համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ-ը Գերագոյն եւ Բացարձակ Արժէք է -

Մարդ Մը, Որուն Համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ-ը Գերագոյն եւ Բացարձակ Արժէք է Մարդ Մը, Որուն Համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ-ը Գերագոյն եւ Բացարձակ Արժէք է

Սրտի մեծ կսկիծով տեղեկացանք, թէ Սեպտեմբեր 27-ին, Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ, իր հոգին աւանդեց առ Հայր Զմմառեան միաբանութեան անդամ, մեծ հայագէտ, ծիսագէտ, հրապարակախօս, լրագրող եւ նուիրեալ հոգեւորական՝ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը:

Ան ծնած է 1929 Յունուար 20-ին, Լիբանանի մէջ: Սկզբնական ուսումը ստացած է Յիսուսեան Հայրերու Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի մէջ, ապա փոքրիկ հասակին յաճախած է Զմմառու դպրեվանքը, որմէ ետք փոխադրուած է Հռոմ՝ Լեւոնեան հայկական վարժարան ուր աւարտած է փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական մասնագիտութիւնը՝ Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան համալսարանին մէջ:

Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1954-ին՝ դառնալով անդամ Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան: 1973-էն սկսեալ խմբագրած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթը, իսկ 1990-ից՝ Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան Հայագիտական հանդէսը»:

Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը Պէյրութի հայագիտական ամպիոններու մէջ ու յատկապէս, Հայկազեան Համալսարանին մէջ դասաւանդած է Գրաբար, Հայ մատենագրութիւն, Հայ երաժշտութեան պատմութիւն, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ Քասլիքի Մարոնի Անտոնեան Հայրերու Սուրբ Հոգի համալսարանին մէջ՝ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսագիտութիւն, 1988-2011:

Հրապարակած է բազմաթիւ գիրգեր եւ ուսումնասիրութիւններ որոնց շարքին.
«Գրաբար: Ինքնուսոյց» գիրքը, 1967:
«Գործնական բառարան հայերէն լեզուի», 1970 :
«Հայերէնի գործնական բառարան» հատընտիր Բ. հատոր, 1982:
«Գրաբար: Քերականութիւն եւ հրահանգ, ոճաբանութիւն», հատընտիր Բ. հատոր, 1984:
«Բառգիրք Հայերէն Լեզուի», 1998:
«Քերականութիւն հայկական լեզուի», 1998:
«Յուշե՛ր եւ Փուշեր», 1994-2014:
«Երիտասարդ հայ», 1968-1973:
«Անապահով օրեր» եւ «Արեւելեան ծէսերու գոհարը» հատորները, 1999:
«Լուսարձակդ բա՛ց վրաս», Մարդեղութեան 2000 – ամեակին խորագրեալ հոգեւոր խորհրդածութիւններու գիրքը, 2000:
«Խոկամ», 2010
«Հայ Ծիսական Պաշտամունքը», 2001,
Հայ Եկեղեցու պատմութեան վերաբերեալ «Խօսէ՛ ինծի Հայ Եկեղեցու մասին» գիրքը, 2011,
«Սերմանեմ», 2013,
«Ողբամ եւ ծիծաղիմ», 2013,
«Խորհիմ : Խոհեր, մտորումներ», 2013,
«Գրեմ թէ չգրեմ», 2014:

Հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան հեղինակ է նաեւ վեց թատերախաղերու՝ «Միայն լուսնով կայ հայոց փրկութիւն», Թատերախաղ 3 արար, 1997, Պէյրութ, «Պէտք չունինք քեզի…» Վիեննա, 1988, «Մարզպանը» Թատերախաղ 5 արար, Պէյրութ, 2015:

Գերյարգելի Վարդապետը սրբակենցաղ, նուիրեալ, հայրենասէր հոգեւորական մըն էր, որուն աշխատասիրութիւնները կարեւոր տեղ կը գրաւեն հայագիտութեան, հայ գրականութեան, բարոյագիտութեան, հայ եկեղեցագիտութեան եւ հայ լրագրութեան մէջ։ Անոր գրիչը որքան էլ սուր էր, ազնիւ եւ , աննահանջ, նոյնքան էլ՝ զուսպ, լակոնիկ, շրջահայեաց եւ լի հոգեւոր, բարոյական ապրումով, լայնախոհութեամբ եւ հենուած՝ աղօթքի կեանքի վրայ:

Հայր Անդրանիկը բացի մտաւորական իր աշխատասիրութիւններէն մեծ նուիրումով աշխատած է երիտասարդներու հետ՝ անոնց մէջ սերմանելով հայրենասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան ոգին: Ան եղած է հիմնադիրը է Հայ Կաթողիկէ Պատանեկան միութեան։

«Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Սարգիս Նաճարեանը իր ուսուցչի՝ Հայր Անդրանիկի մասին գրած է.
«Մարդ մը, որուն կեանքը իրեն չէ պատկանած, այլ` եկեղեցւոյ եւ ազգին: Մարդ մը, որուն անունը բազմապատկուած է միաժամանակ ուսուցիչ, դաստիարակ, իմաստասէր, աստուածաբան, դասախօս, լրագրող, խմբագիր, հրապարակագիր, թարգմանիչ, վերլուծաբան, բանասէր, թատերագիր, բանաստեղծ, ծիսագէտ եւ այս բոլորէն առաջ եւ վեր` վարդապետ ստորոգելիներով: Մարդ մը, որուն համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ գերագոյն եւ բացարձակ արժէք է, վարքագծի նշանաբան, պայքարի հզօրագոյն զէնք, որովհետեւ ան ճշմարտութեան մէջ տեսած է Աստուած» (Լիբանանահայ Մշակոյթի Կերտիչներէն Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի Կեանքն Եւ Ստեղծագործական Ուղիին Նուիրուած Ձեռնարկ):

«Յեղափոխական մըն է հայր Անդրանիկը` իր սիրեցեալ Յիսուս Քրիստոսի նման: Յեղափոխական հայր Անդրանիկը թերեւս զէնք չվերցուց, սակայն զէնքի մղեց իր զաւակները… երկաթէ շերեփի: 1968-1973 թուականներու մէջ ան հրատարակեց «Երիտասարդ հայ»-ը, որ հոգեկան սնունդ հանդիսացաւ այդ օրերու հայ ազատամարտիկներուն», («Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան):

Հայր Անդրանիկի մահուան ի լուր իր հոգեւոր բազմաթիւ զաւակները լուրը գուժեցին դիմատետրի իրենց էջերուն մէջ, ահա անոնցմէ մի քանի հատուածներ։

«Աստուած հոգիդ լուսաւորէ՛ մեծ հայր, եղբայր եւ սերունդներու դաստիարակ՝ գերյ. հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան: Յետ այսու, հպարտանքով պիտի արտայայտուինք թէ՝ քեզ նման ուսուցիչի աշակերտած ենք: Սերունդներուն պիտի փոխանցենք քու անմահ անունդ՝ որպէս Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ, խիզախ մտաւորական, արի հոգեւորական, ՀԱ՛Յ վարդապետ եւ աղօթասէր Միաբան: Այսօր, համայն հայութիւնն ու հայ մամուլը կ’ողբայ ու կը ցաւի, իսկ քու այնքա՜ն սիրած միաբանութիւնդ կը սգայ: Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ իւրաքանչիւրիս սրտին ու հոգիին մէջ»:

«Կեանքին մէջ շատ դժուար է իսկական ընկեր մը գտնել, բայց շատ աւելի դժուար է այդ ընկերոջ մէջ՝ Հայր մը գտնել։ Լուռ էիր եւ նոյն լռութեամբ գացիր, բայց գրիչդ դարերով պիտի խօսի, եւ աշխարհի ամբողջ հայութիւնը յաւիտեան երախտապարտ պիտի ըլլայ ՔԵԶ։ անոնցմէ մին ալ՝ ես եմ»։

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի խմբագրութիւնը եւս կը միանայ Զմմառու Միաբանութեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան ու Հայր Անդրանիկի հարազատներուն ու բարեկամներու սուգին աղօթք բարձրացնելով առ Ամենակալ եւ ողորմած Աստուած, որպէսզի այս նուիրեալ հոգեւորականի հոգին ընդունի ու զայն դասէ արդարներու շարքին։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+