​«Հազիւ Սկսինք Պատժամիջոցներ Կիրարկել Իրաքեան Քիւրտիստանի Մէջ Նոյնիսկ Ուտելու Բան Չեն Գտներ» Կ՛ըսէ - Հայերէն
21 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Գրգոռ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

27 Eylül 2017  

​«Հազիւ Սկսինք Պատժամիջոցներ Կիրարկել Իրաքեան Քիւրտիստանի Մէջ Նոյնիսկ Ուտելու Բան Չեն Գտներ» Կ՛ըսէ -

​«Հազիւ Սկսինք Պատժամիջոցներ Կիրարկել Իրաքեան Քիւրտիստանի Մէջ Նոյնիսկ Ուտելու Բան Չեն Գտներ» Կ՛ըսէ ​«Հազիւ Սկսինք Պատժամիջոցներ Կիրարկել Իրաքեան Քիւրտիստանի Մէջ Նոյնիսկ Ուտելու Բան Չեն Գտներ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ երբ իրենք սկսին Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին դէմ նախատեսուած պատժամիջոցները կիրարկել` սովի պիտի մատնուի ամբողջ ժողովուրդը, եւ այդ պարագային քիւրտերուն պիտի չօգնէ նոյնիսկ Իսրայէլը: Այս մասին կը գրէ «Թի24» կայքը:

«Այդ ժամանակ անոնք նոյնիսկ ուտելու բան պիտի չգտնեն: Տեսնենք` Իսրայէլը ինչպէ՞ս, ի՞նչ ճամբով անոնց բան մը պիտի ուղարկէ», ըսած է Էրտողան:

Ըստ անոր, Թուրքիան ստիպուած դիմած է պատժամիջոցներուն: Բացի տնտեսական պատժամիջոցներէն, Էրտողանի համաձայն, օրակարգի վրայ է նաեւ զինուորական միջամտութիւնը, թէեւ վերջինի հարցին մէջ իրենք յոյս ունին, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը «խելքի պիտի գայ», եւ ուժի կիրարկման կարիք պիտի չըլլայ:

«Անկեղծ ըսած` մենք մինչեւ վերջին պահը յոյս ունէինք, որ Պարզանի պիտի հրաժարի այդպիսի սխալ գործելէ: Ի յայտ եկաւ, որ սխալած ենք: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամէնէն փայլուն շրջանին մէջ առանց խորհրդակցելու եւ մեզի հետ քննարկելու այդպիսի որոշում տալը մեր երկրին դէմ դաւաճանութիւն կ՛որակեմ», յայտարարած է Էրտողան:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Էրտողան յայտնած է, որ «Իրաքի քիւրտերը անօթութենէ պիտի տառապին, երբ բեռնատարներուն արգիլուի հիւսիսային Իրաք երթալ»` աւելցնելով. «Երբ Թուրքիան Քիւրտիստանի քարիւղը մղելէ դադրի` հարցը վերջ պիտի գտնէ»:

Ըստ անոր, Իրաքի քիւրտերը պետութիւն հիմնել չեն գիտեր` նշելով. «Քիւրտիստանի մարզի Իրաքէն անջատման հանրաքուէին օրինակութիւնը երբեք պիտի չճանչնանք»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+