Կարօ Փայլան. «Ես կ՛ուզեմ կամուրջ ըլլալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

23 Eylül 2017  

Կարօ Փայլան. «Ես կ՛ուզեմ կամուրջ ըլլալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ -

Կարօ Փայլան. «Ես կ՛ուզեմ կամուրջ ըլլալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Կարօ Փայլան. «Ես կ՛ուզեմ կամուրջ ըլլալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ

22 սեպտեմբերին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հանդիպում ունեցած է լրագրողներուն հետ եւ անդրադարձած Հայաստանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն: Ան հաստատած է, որ բացի Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին մասնակցելէ, Երեւան եկած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կապերու հաստատման հարցը քննարկելու` նշելով, որ իր ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին խօսած է այդ մասին:

«Թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման ճամբուն վրայ մեծ վնաս է երկու երկիրներու կապերու այս սառած վիճակը, ես կ՛ուզեմ կամուրջ ստեղծել այդ հարցով, կ՛ուզեմ գոնէ քիչ մը բանալ երկխօսութեան դուռը: Գիտեմ, որ դժուար է, բայց ամէնէն մութ ժամանակներուն իսկ քիչ մը բաց պէտք է պահել երկխօսութեան դուռը», յայտնած է ան:

«Ուրախ եմ, որ այս անգամ Հայաստանը տեսայ շատ աւելի ուժեղ եւ ինքնավստահ», դիտել տուած է ան:

Կարօ Փայլան յայտնած է, որ Թուրքիան մինչեւ 2015 թուական գարուն կ՛ապրէր. կը մտածէինք, որ Թուրքիոյ մէջ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, պայմանները պիտի լաւանան, բայց 2015-էն ի վեր Թուրքիոյ մէջ ազգայնականները դաշինք կազմեցին, եւ ամէն ինչ այսօր վատ է ու տակաւին կը շարունակէ վատթարանալ: Ազգայնականները ուժ ունին, այդ պատճառով ալ ժողովրդավարութեան հաւատացողները լուռ են: Բայց Թուրքիոյ մէջ մեծամասնութիւնը գոհ չէ ազգայնականներուն ընտրած այս ուղիէն: «Գիտէք` ամէնէն մութ ձմրան նոյնիսկ պէտք է գտնենք ճամբայ: Մենք` ժողովրդավարներս, գիտենք, որ դուռը փակ է, իսկ զայն գոնէ քիչ մը բանալու համար պէտք է ջանք թափենք: Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը, դժբախտաբար, անկում կ՛ապրի», յայտնած է ան: Ըստ Փայլանի, այս կացութեան պատճառով կրնայ «երկրաշարժ» յառաջանալ Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս 1915-ին, որովհետեւ այս ուղին արիւնոտ աւարտ ունենալու հաւանականութիւն ունի:

Ան հաստատած է, որ միայն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը. «Գիտէք, իմ տատիկս, որուն հետ մինչեւ տասը տարի նոյն տան մէջ ապրած եմ, մահացաւ` առանց արդարութեան, հայրս, որ կը մտածէր, թէ ե՛րբ արդարութիւն պիտի տիրէ, մահացաւ, այսինքն` երկրորդ սերունդն ալ հեռացաւ. հիմա երրորդ եւ չորրորդ սերունդները կը պայքարին արդարութեան համար, բայց կրնամ հաստատ ըսել, որ միայն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Ան աւելցուց, որ ներկայիս Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ չի թոյլատրուիր «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործել: «Բայց բառը օգտագործելը կարեւոր չէ, որովհետեւ մենք Մեծ եղեռնը ապրեցանք, մենք պէտք է ճամբայ գտնենք, Թուրքիոյ մէջ խօսինք այն մասին, թէ ի՛նչ եղաւ 1915-ին: Եթէ Ցեղասպանութիւնը անպատիժ է, դժբախտաբար, պիտի շարունակուի», աւելցուցած է երեսփոխանը:

Կարօ Փայլան ըսած է, թէ քիւրտերուն պահանջները 100 տարիէ ի վեր, դժբախտաբար, անպատասխան կը մնան: Հայերն ալ 120 տարի առաջ պահանջ ունէին, եւ պատասխանը, դժբախտաբար, անարդարութիւնն էր, եւ մենք Ցեղասպանութիւն ապրեցանք: Ըստ անոր, քիւրտերը կ՛ուզեն, որ Թուրքիան ժողովրդավարական երկիր դառնայ:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ չի՞ վախնար Թուրքիոյ մէջ երկրին իշխանութիւնները քննադատելէ: «Ես կը վախնամ իմ ժողովուրդիս համար, յատկապէս` Թուրքիոյ հայերուն: Մենք փոքրամասնութիւն ենք, կայ շուրջ 60 հազար հայ, որոնց մեծ մասը կ՛ապրի Պոլսոյ մէջ: Եւ նման մթնոլորտի մէջ փոքրամասնութիւնները կը վախնան: Այդ վախի գործօնը միշտ դրուած է սեղանին վրայ: Ես գիտեմ` եթէ լուռ մնաս նոյնիսկ, նման մթնոլորտի մէջ չես կրնար գոյատեւել, փոթորիկը շատ զօրաւոր է: Տակաւին կայ այն, որ քեզի նկատմամբ գրգռութիւններ կ՛ըլլան, երբ ըսես, որ հայ ես, ունիս հայկական եկեղեցիներ, համալսարաններ, դպրոցներ: Բայց կը հաւատամ, որ եթէ իրաւունք ունիս, ուրեմն պէտք է ձայնդ բարձրացնես եւ ըսես: Ես կը փորձեմ ատիկա ընել», եզրափակած է ան:





Bu haber Radiovatican kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Radiovatican) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Radiovatican). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+