​Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Պատասխան-Նամակ Մը Յղեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

20 Eylül 2017  

​Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Պատասխան-Նամակ Մը Յղեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին -

​Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Պատասխան-Նամակ Մը Յղեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին ​Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Պատասխան-Նամակ Մը Յղեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ուրբաթ, 11 օգոստոսին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակին փակման հարցով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ, Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Շուէտի դեսպանին: Մարմինը կոչ ուղղեց միջազգային ճնշում բանեցնելու, որպէսզի Ազրպէյճան յետս կոչէ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան երկարաձգման դէմ իր վեթոն: Մարմինը նաեւ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղեց շարունակելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր գործակցութիւնը եւ եթէ պէտք ըլլայ ուսումնասիրելու Հայաստանի եւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ ներկայութիւն ապահովելու այլ միջոցներու կարելիութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընէն ստացաւ պատասխան-նամակ մը, որուն մէջ ան կը նշէ. «Եւրոպական Միութիւնը լիարժէքօրէն յանձնառու կը մնայ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ ԵԱՀԿ-ի իմաստալից ներկայութեան: Ուստի, ինչպէս Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար եւ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի բանբերը 7 մայիս 2017-ին յայտնեց` Եւրոպական Միութիւնը երկարաձգման շուրջ համաձայնութեան մը յանգիլը չափազանց կարեւոր կը նկատէր»:

«Վիեննայի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդին մէջ պաշտօնապէս ընդգծած է կարեւորութիւնը շրջանին մէջ ԵԱՀԿ-ի ներկայութեան շարունակման, ինչ որ կենսական միջոց մըն է անդամ պետութիւններուն իրենց ԵԱՀԿ-եան յանձնառութիւններու կատարման օժանդակելու», կը գրէ Եւրոպական Միութեան դեսպանը:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նմանօրինակ պատասխան-նամակներ ստացած էր նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանի տեղակալ ու գործավար դոկտ. Միքայէլ Ռէօսէն եւ Բրիտանիոյ դեսպանատան քաղաքական հարցերով երկրորդ քարտուղար Նիքոլա Տի Լուցիոյէն:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+