Ազնաւուր Իսրայէլի Մէջ Համերգ Պիտի Տայ -
Ազնաւուր Իսրայէլի Մէջ Համերգ Պիտի Տայ
Ֆրանսահայ յայտնի երգիչ-երգահան Շառլ Ազնաւուր Իսրայէլի մէջ Հոկտեմբերին համերգ պիտի տայ:
Ազնաւուր, որուն ամերիկեան CNN հեռուստաալիքը անուանած է «Դարու երգիչ», Իսրայէլ պիտի ժամանէ մէկ տարի առաջ սկսած համաշխարհային շրջագայութեան ծիրէն ներս:
Երգիչին համերգը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 28-ին Թել Աւիւի մէջ, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»՝ վկայակոչելով Des Infos-ը:
Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Ազնաւուր արդէն համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ: Ան լեփ-լեցուն դահլիճներու մէջ ան ելոյթ ունեցած է Ռիոյ տէ Ժանեյրոյի, Պուէնոս Այրեսի, Մոսկուայի, Հոնքոնկի, Սիտնէյի, Մելպուրնի, Ուաշինկթընի մէջ եւ այլուր:
Ազնաւուր 2018-ի գարնան համերգներով հանդէս պիտի գայ Մոսկուայի եւ Ս․ Փեթերզպուրկի մէջ: Փեթերզպուրկեան համերգը տեղի պիտի ունենայ 2018-ի Ապրիլ 25-ին «Օքթեապրսքի» մեծ համերգասրահին մէջ: 3 օր անց, Ապրիլ 28-ին, ան ելոյթ պիտի ունենայ Մոսկուայի` Քրեմլի պալատին մէջ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com