​Տիարպեքիրի Եկեղեցիները Դեռ Փակ են Այցելութիւններու եւ Ծիսակատարութիւններու Համար - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

21 Ağustos 2017  

​Տիարպեքիրի Եկեղեցիները Դեռ Փակ են Այցելութիւններու եւ Ծիսակատարութիւններու Համար -

​Տիարպեքիրի Եկեղեցիները Դեռ Փակ են Այցելութիւններու եւ Ծիսակատարութիւններու Համար ​Տիարպեքիրի Եկեղեցիները Դեռ Փակ են Այցելութիւններու եւ Ծիսակատարութիւններու Համար

Տիարպեքիրի Սուր շրջանին մէջ գտնուող քրիստոնէական տարբեր ուղղութիւններու պատկանող եկեղեցիները փակ են այցելութիւններու եւ ծիսակատարութիւններու համար: Այս մասին կը յայտնէ պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթը` յիշեցնելով, որ 2015 թուականին քիւրտերու եւ պետութեան միջեւ սկսած բախումներուն հետեւանքով մեծ վնաս կրած էին նաեւ կրօնական նշանակութիւն ունեցող շէնքերը:

Բախումներու եւ աւերածութիւններէ ետք, 2016 Մարտ 25-ին, կառավարութիւնը Սուրի մեծ մասը պետութեան օգտին օտարելու որոշում կայացուցած էր: Օտարման ներկայացուած եղած է նաեւ Տիարպեքիրի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որուն հիմնադրամը կառավարութեան որոշումը բողոքարկող հայց ներկայացուցած էր Վերաքննիչ դատարան: Դատարանը կայացուցած էր կառավարութեան որոշումը դադրեցնելու վճիռ, սակայն դատական գործընթացը դեռ կը շարունակուի:

Կը նշուի, որ Սուրբ Կիրակոսը արդէն 3 տարի է փակ է եւ այնտեղ արարողութիւններ չեն կատարուիր, իսկ տեղի հայ բնակչութիւնը կրօնական ծէսերու համար այլ եկեղեցի չունի:

Տարածքը, ուր կը գտնուի եկեղեցին, գրեթէ ամբողջութեամբ փակ է: Եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավարները քանի մը ամիս առաջ յատուկ արտօնութեամբ միայն կրցած էին եկեղեցի այցելել: Սուրբ Կիրակոսի հիմնական շէնքի պատերէն բացի՝ մնացած շինութիւնները վնասուած են, ապակիները` կոտրուած:

Հիմնադրամի ղեկավարութիւնը, բացի ներկայացուցած բողոքարկումէն, կապ կը պահպանէ պետական կառոյցներու հետ: Անոնց խոստացած են, որ պետութիւնը պիտի փոխհատուցէ վնասը: Բացի Սուրբ Կիրակոսէն, իշխանութիւնները խոստացած են վերականգնել հայկական կաթոլիկ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, որ ամենաշատ վնաս կրած էր:




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+