Թուրքիա Կ՛ամրապնդէ Իրանի Հետ Իր Զինուորական Յարաբերութիւնները -
Թուրքիա Կ՛ամրապնդէ Իրանի Հետ Իր Զինուորական Յարաբերութիւնները
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ իր երկիրը ամրապնդած է Իրանի հետ զինուորական համագործակցութիւնը` Իրաքի քրտական մարզին կոչ ուղղելով ետդարձ կատարելու անկախութեան շուրջ հանրաքուէ կատարելու որոշումէն` աւելցնելով, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ այս հարցին շուրջ խորհրդակցիլ դրացի երկիրներուն հետ:
«Թուրքիա-Իրաք սահմանին վրայ գոյութիւն ունին կարգ մը խնդիրներ, սակայն կը փորձենք լուծումներ առաջարկել Իրաքի հետ մեր յարաբերութիւններուն ծիրին մէջ», ըսաւ ան: «Քերքուքը հիւսիսային Իրաքի մարզի հանրաքուէին մէջ ներառելը սխալ է եւ ապօրինի, որովհետեւ թիւրքմենական քաղաք է, եւ անոր բնակիչները հանրաքուէն պոյքոթի պիտի ենթարկեն», նշեց Քալըն:
«Չենք կրնար Սուրիոյ մէջ նախատեսուած զինուորական գործողութեան մասին մանրամասնութիւններ հաղորդել, սակայն պէտք է գիտնաք, որ քայլեր պիտի որդեգրենք, երբ մեր երկրին անվտանգութեան սպառնալիք մը ըլլայ», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահի բանբերը:
Միւս կողմէ, Իրանի բանակի սպայակոյտի պետ Մոհամետ Պաքերի յայտնեց, որ Անգարա եւ Թեհրան համաձայնած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ տեղեկութիւններու փոխանակում կատարելու եւ գործողութիւններու մէջ գործակցելու առումով:
Պաքերի, որ իր թուրք պաշտօնակիցին` զօր. Հուլուսի Աքարի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ներառեալ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումներ ունենալու համար հազուադէպ այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա, յայտնեց, որ երկու երկիրներու զինուորական գործակցութեան եւ սահմանային անվտանգութեան շուրջ համաձայնութիւններ գոյացուցած են:
«Թուրքիա այցելութեան ծիրին մէջ զինուորական, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մարզերուն մէջ բազմաթիւ հարցերու հիմերը դրուեցան, եւ այս հոլովոյթը պիտի շարունակուի», ըսաւ ան: Ընդգծելով, որ Անգարա կ՛այցելէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի հաւանութեամբ` Պաքերի նշեց, թէ Աքարը հրաւիրած է Իրան` շարունակելու համար երկու երկիրներու գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ Էրտողան եւս մօտ օրէն պիտի այցելէ Իրան:
Պաքերի ըսաւ, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն թուրք եւ իրանցի պաշտօնատարներու օրակարգին վրայ հրատապ հարց մըն է: «Եթէ այդպիսի բան մը պատահի, նոր լարուածութիւններու սկիզբը պիտի ըլլայ եւ դրացի երկիրներուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Ահա թէ ինչու երկու երկիրները կը պնդեն, որ հանրաքուէն անկարելի է եւ պէտք չէ տեղի ունենայ», ըսաւ ան:
Պաքերիի կ՛ընկերակցէին Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու հրամանատար գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Փաքփուր, Իրանի սահմանապահ ուժերու հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քասեմ Ռեզայի, Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էպրահիմ Ռահիմփուր, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ զինուորական հրամանատարներ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com