Ամերիկահայ Երաժիշտ KARYYN-ի Ստեղծագործութիւնը «Փիչֆորք»-ի Կողմէ Լաւագոյնը Ճանչցուած է -
Ամերիկահայ Երաժիշտ KARYYN-ի Ստեղծագործութիւնը «Փիչֆորք»-ի Կողմէ Լաւագոյնը Ճանչցուած է
KARYYN բեմական անունով հանդէս եկող երաժիշտ Կարին Թաթոյեանի «Moving Masses» (Շարժող Զանգուածներ) ստեղծագործութիւնը ճանչցուած է ելեկտրոնային ոճի մէջ լաւագոյնը` ամերիկեան երաժշտական հեղինակաւոր «Փիչֆորք» (Pitchfork) առցանց ամսագիրին կողմէ: Այս մասին, Asbarez.am-ին կը գրէ Նանէ Աւագեան։
Երգը, որ հեղինակած է եւ կը կատարէ KARYYN-ը, գրուած է «օֆ Լայթ» օփերային համար, որ բեմադրիչ Սամանթա Շէյի հետ KARYYN-ի համատեղ աշխատանքն է, եւ ստեղծուած է կատարողական ոճի հիմնադիրներէն համարուող Մարինա Աբրամովիչի մօտ ուսանելու շրջանին:
Ռէյկեաւիկի մէջ ներկայացման ժամանակ, ստեղծագործութիւնը այնքան ոգեշնչած է հանրայայտ երգչուհի Պէորկը, որ ան, «Կարտիըն» պարբերականին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին, խորհուրդ տուած է անպայման ունկնդրել զայն:
««Moving Masses»-ը, KARYYN-ի արագօրէն համալրուող երգացանկի լաւագոյն երգերէն է: Անիկա ստեղծուած է վոկալ հանգոյցներու հարուստ շերտերէ, որոնք կը խաչուին ու կը միահիւսուին ինչպէս խառնուած ցանց: Ըլլալով «զբաղած»` անընդհատ փոփոխուող շշուկներով ու հեւքով, երաժշտութիւնը միաժամանակ կը մնայ հանդարտ ու եթերային: Անիկա յատկապէս առանձնայատուկ է անով, որ շատ օրկանական է: Մեղեդին կը բարձրանայ եւ կ՝իջնէ` կարծես երգչախումբը ներդաշնակօրէն միաձայն արտաշնչէ: «Moving Masses»-ը այնքան հանգստացնող է, որքան երկար խոր շունչը», KARYYN-ի ստեղծագործութիւնը «Փիչֆորք» կայքին մէջ այսպէս մեկնաբանած է ամսագրի երաժշտագէտը:
Կարին Թաթոյեան ծնած է Սուրիա, այնուհետեւ, ընտանիքին հետ տեղափոխուած է ԱՄՆ, ապրած եւ ստեղծագործած է նաեւ Պեռլինի մէջ:
Ներկայացնելով Կարինի «ALEP-PO» եւ նոր թողարկուած «YAJNA» ստեղծագործութիւնները, երաժշտական այլ պարբերական մը, KARYYN-ը դասած է 2017-ի նորայայտ լաւագոյն երաժիշտներու ցանկին: Անոր ստեղծագործութիւնները կարելի է գտնել SoundCloud-ի մէջ:
KARYYN-ի` լաւագոյնը ճանչցուած «Moving Masses»-ը կրնաք ունկնդրել նաեւ youtube-ի վրայ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com