Աւստրիահայ Յայտնի Անօթաբանը Ստեփանակերտի Մէջ Անվճար Վիրահատութիւններ Կ՝իրականացնէ -
Աւստրիահայ Յայտնի Անօթաբանը Ստեփանակերտի Մէջ Անվճար Վիրահատութիւններ Կ՝իրականացնէ
ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան հրաւէրով, Օգոստոս 10-ին, Ստեփանակերտի հանրապետական հիւանդանոց այցելած է անօթաբան Արա Ուղուրլեանը:
Artsakhpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Արա Ուղուրլեան նշած է, որ այցին առաջին օրը պիտի հետազօտեն հիւանդները, իսկ մինչեւ Օգոստոս 13՝ անհրաժեշտութեան պարագային՝ կատարեն վիրահատութիւններ: Նշենք, որ բժշկական օգնութիւնը պիտի ըլլայ անվճար եւ կը նախատեսուի 10-12 վիրահատութիւն:
Ա. Ուղուրլեան աւելցուցած է, որ անօթային հիւանդութիւններու պարագային լրիւ բուժում չի կատարուիր, քանի որ հիմնական խնդիրները կը յառաջանան ծխելէն եւ շաքարային հիւանդութիւններէն:
Նշենք, որ Արա Ուղուրլեան կ՝աշխատի Ստեփանակերտի հանրապետական հիւանդանոցի անօթաբան եւ վիրաբոյժ Դաւիթ Խաչատրեանի հետ: Վերջինս իր խօսքին մէջ նշած է, որ հիւանդները հաւաքագրած են նախօրօք եւ ընտրած են այնպիսինները, որոնք ունին միայն զարկերակային ախտանիշ, քանի որ անոնց պէտք է ցուցաբերուի բարձր ճարտարագիտական միջամտութիւն: «Այդ նպատակով պարոն Ուղուրլեանը իր հետ բերած է շարք մը սարքեր, որոնք մեր մօտ չկան»,- նշած է Դ. Խաչատրեան:
Նշենք, որ Արա Ուղուրլեան ծնած է Թուրքիա, սակայն կը բնակի եւ կ՝աշխատի Աւստրիոյ մէջ, ուր ունի լաւագոյն մասնագէտի համբաւ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com