Էրտողան. «Եփրատի Վահան» Գործողութիւնը Պիտի Շարունակենք, Որպէսզի Դաշոյնը Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Ս -
Էրտողան. «Եփրատի Վահան» Գործողութիւնը Պիտի Շարունակենք, Որպէսզի Դաշոյնը Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Սիրտը Խրենք»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է շարունակել թրքական բանակի «Եփրատի վահան» գործողութիւնը եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ անոր գործողութիւնները ընդլայնել:
«Մտադիր ենք «Եփրատի վահան»-ի օժանդակութեամբ դաշոյնը խրել Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան սիրտը, եւ ատիկա կատարելու համար ընդլայնել անոր գործողութեան ծիրը», ընդգծեց Էրտողան` աւելցնելով. «Մօտիկ ապագային այս հարցին վերաբերեալ նոր ու կարեւոր քայլեր պիտի որդեգրենք»:
Ան յայտնեց, որ իր երկիրը տարբեր մակարդակներու վրայ իրերայաջորդ յարձակումներու կ՛ենթարկուի` նշելով. «Շարք մը կողմեր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կամ իր անունը շարունակ փոխող ահաբեկչական ՔԱԿ-ի ճամբով կը փորձեն շրջափակել Թուրքիան»: «Մօտ օրէն Թուրքիոյ մէջ վերջ պիտի տանք այդ կազմակերպութեան եւ պիտի շարունակենք զայն հալածել Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ»:
Յայտնենք, թէ Թուրքիա նախապէս յայտարարած էր, որ կը ծրագրէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերուն դէմ շղթայազերծել «Եփրատի սուր» անունով գործողութիւն մը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com