Եղիա Տէմիրճիպաշեան (1851-1908) - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

23 Temmuz 2017  

Եղիա Տէմիրճիպաշեան (1851-1908) -

Եղիա Տէմիրճիպաշեան (1851-1908) Հայկեան Տաղանդին մեծարժէք խենթը, որ ինքնասպանութեամբ հեռացաւ մեր աշխարհէն

Հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը եւս ու­նի իր կի­սա­խե­լա­գար կամ նոյ­նիսկ խե­լա­գար քա­նի մը մե­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց շար­քին մե­ծա­տա­ղանդ խեն­թի փառքն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րող ա­մէ­նէն ցայ­տուն դէմքն է Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան։


109 տա­րի ա­ռաջ, ­Յու­լիս 19ի այս օ­րը, ինք­նաս­պա­նու­թեամբ մեր աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ ար­ձա­կագ­րի եւ բա­նաս­տեղ­ծի, ման­կա­վար­ժի եւ խմբա­գի­րի, ա­րո­ւես­տա­գէ­տի եւ փի­լի­սո­փա­յի տա­ղան­դա­շատ այս միա­ձու­լու­մը, որ Ե­ղիա Տէ­միր­ճի­պա­շեան ա­նու­նը խորհր­դա­նիշ դար­ձուց ար­տա­կարգ գե­ղեց­կու­թեամբ ու ա­րո­ւես­տով գրո­ւած՝ սիրտ ու միտք խռո­վող խո­րա­գոյն, յա­ճախ դժո­ւար ըն­կա­լո­ւող ու հասկ­ցո­ւող ապ­րում­նե­րու, պատ­կեր­նե­րու եւ մտա­ծում­նե­րու։


Մեծն Օ­շա­կան, իր ըն­կա­լեալ ա­նո­ղո­քու­թեամբ, Ե­ղիա Տ.ի «հե­քիաթ»ը իր ա­ռաս­պե­լա­կան զար­դե­րէն եւ ար­ժէք­նե­րէն մեր­կաց­նե­լով հան­դերձ, իր կար­գին չկրցաւ լրիւ թօ­թա­փել ա­ռինք­նող հմայ­քը Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան ­Տա­ղան­դին։ ­Թէեւ գրեց, որ «տեղ մը ը­սած եմ, թէ ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը եր­կու կէս խեն­թեր եւ մէկ վա­ւե­րա­կան յի­մար ու­նի։ Դժ­բախ­տու­թիւն է, որ այս վեր­ջին ո­րա­կու­մը ստի­պո­ւած ըլ­լամ գոր­ծա­ծել, տա­լու հա­մար ամ­բող­ջա­կան գա­ղա­փար մար­դէ մը, որ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մե­ծա­գոյն ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն շնոր­հը նկա­տո­ւող բա­ցա­ռիկ խառ­նո­ւածք մը յայտ­նա­բե­րեց ա­րո­ւես­տի։


Ցա­ւը այն է, որ այդ խառ­նո­ւած­քը չհա­սաւ ի­րեն ո­րա­կին ար­ժա­նա­ւոր աշ­խար­հի մը մէ­ջէն ինք­զին­քը ընդ­միշտ մեր հիա­ցու­մին եւ յար­գան­քին պար­տադ­րե­լու»… այ­սու­հան­դերձ՝ Յ. Օ­շա­կան նաեւ խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ «սկիզ­բէն ի վեր հրա­պա­րա­կի պա­հան­ջը ե­ղած է հա­տըն­տիր Ե­ղիա մը։ Այս­պէս կազ­մո­ւած հա­տո­րը պի­տի հա­մախմ­բէր իր մէջ թե­րեւս ա­մէ­նէն lyrique այն քա­նի մը է­ջե­րը, ո­րոնք ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ երբ եւ ի­ցէ գրո­ւած ըլ­լան։ Այն­քան ի­րաւ բա­նաս­տեղծ մը կար այս յի­մա­րին ե­տին։ ­Դար­ձեալ հոն է, որ մե­զի պի­տի տրո­ւէր եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ կար­դա­լու ան­հա­ւա­սա­րե­լի դաշ­նա­ւո­րու­թեամբ է­ջեր, ուր կը շփո­թես ապ­րումն ու ե­րա­զը, ի­րա­կա­նու­թիւնն ու քմայ­քը, սիր­տը եւ միտ­քը, նիւթն ու հո­գին, տա­րօ­րէն հաշտ, սրտա­ռուչ խառ­նուր­դի մը մէջ, ո­րուն ըլ­լար խնա­յո­ւած տա­ժան­քը փի­լի­սո­փա­յա­կան դա­ժան հմտու­թեան, գրա­կան թե­թեւ sophismին»։

Այդ «­Հա­տըն­տիր»ին դեռ ար­ժա­նա­ցած չէ հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ այս խեն­թը։ Իսկ մեր սե­րունդ­նե­րը, ա­շա­կեր­տա­կան գրա­սե­ղան­նե­րէն ի­րենց յի­շո­ղու­թեան եւ նե­րաշ­խար­հին մէջ յա­տուկ տեղ մը վե­րա­պա­հե­լով հան­դերձ Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նին, ար­դէն գեր-նիւ­թա­պաշտ մեր կեան­քի սպա­ռիչ հեւ­քին մէջ հա­զիւ թէ շունչն ու ժա­մա­նա­կը գտնեն ըմ­բոշխ­նե­լու հմա­յա­կան տիե­զեր­քը ի­րաւ այս բա­նաս­տեղ­ծին։
Ե­ղիա Տ. ծնած էր Կ. ­Պոլ­սոյ ­Խաս­գիղ թա­ղա­մա­սը, 1851ի ­Մա­յիս 8ին։ ­Նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցաւ Օ­հան­նէս ­Պա­տո­ւե­լիի դպրո­ցին, ա­պա ժա­մա­նա­կի լա­ւա­գոյն­նե­րէն հա­մա­րո­ւող Խաս­գիւ­ղի ­Ներ­սէ­սեան վար­ժա­րա­նին մէջ՝ ա­շա­կեր­տե­լով ­Թով­մաս ­Թեր­զեա­նին եւ ­Մա­տա­թիա Գա­րա­գա­շեա­նին, ո­րոնց­մէ մխի­թա­րեան-գրա­բա­րեան հիա­նա­լի գի­տե­լիք­ներ ամ­բա­րեց։ Դպ­րո­ցա­կան տա­րի­նե­րուն կողք-կող­քի նստե­ցաւ ­Մի­նաս ­Չե­րա­զի հետ, ո­րուն ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան գա­ղա­փա­րա­կի­ցը մնաց մին­չեւ վերջ։ Մ­տե­րիմ դա­սըն­կեր ու­նե­ցաւ նաեւ ա­պա­գայ մե­ծա­նուն ման­կա­վարժ ­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեա­նը։


Հան­րա­գի­տա­կան նոյն աղ­բիւր­նե­րուն հա­մա­ձայն, Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նի կեան­քին մէջ ա­ռա­ջին գլխա­ւոր դար­ձա­կէ­տը ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ 1866ին, երբ ան ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Խաս­գիւ­ղի նո­րա­բաց՝ ­Նու­պար փա­շա­յի հիմ­նած ­Շահ­նա­զա­րեան վար­ժա­րա­նը, որ սերն­դա­կեր­տու­մի մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Ու­սա­նե­լուն զու­գա­հեռ՝ պա­տա­նի Ե­ղիան ե­ղաւ նաեւ օգ­նա­կան ու­սու­ցիչ կրտսեր դա­սա­րան­նե­րուն մէջ։ ­Մո­լի ըն­թեր­ցա­սէր էր։


1870ին ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նը օս­մա­նեան պե­տու­թեան ­Բարձր Դ­րան տպագ­րու­թեան դի­ւա­նի (գրաքն­նու­թեան — Ն.) ան­դամ էր. կը կար­դար հոն ու­ղար­կո­ւող ամ­բողջ մա­մու­լը։ Եր­կար չդի­մա­ցաւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ։ Այ­նու­հե­տեւ ստանձ­նեց ­Հան­րօ­գուտ ­Շի­նու­թեանց նա­խա­րա­րու­թեան վար­չա­կան ժո­ղո­վի քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նը, որ­մէ նոյն­պէս շու­տով հրա­ժա­րե­ցաւ։ ­Պե­տա­կան-դի­ւա­նա­կան այս պաշ­տօն­նե­րը միշտ բաց մնա­ցին Ե­ղիա Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նի առ­ջեւ, որ նախ լա­ւա­պէս կը տի­րա­պե­տէր օս­մա­նե­րէ­նի եւ ֆրան­սե­րէ­նի, ա­պա՝ լայն ընդ­հա­նուր զար­գա­ցում ու­նէր։


1874ին սի­րա­հա­րո­ւե­ցաւ օ­րիոր­դի մը, որ սա­կայն նա­խընտ­րեց ա­մուս­նա­նալ հա­րուստ պաշ­տօ­նեա­յի մը հետ։ ­Յու­սա­հա­տու­թե­նէն՝ Ե­ղիա ա­ռա­ջին փոր­ձը կա­տա­րեց ինք­նաս­պա­նու­թեան, նե­տո­ւե­լով ծո­վը։ ­Սա­կայն ջու­րին պա­ղու­թեան չդի­մա­նա­լով՝ ցա­մաք դուրս ե­կաւ…
Նոյն տա­րին մեկ­նե­ցաւ Ֆ­րան­սա՝ ­Մար­սէյ­լի Ա­ռեւտ­րա­կան ­Բարձ­րա­գոյն ­Վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սա­նե­լու հա­մար, բայց փո­խա­րէ­նը՝ սկսաւ հրա­տա­րա­կել «Le Littaeraire et Financier de Marseille» շա­բա­թա­թեր­թի քա­նի մը հա­մար­ներ, Ա­րեւ­մուտ­քին հա­յութ­յու­նը ներ­կա­յաց­նե­լու եւ ծա­նօ­թաց­նե­լու ձգտու­մով։ Այս շրջա­նին լծո­ւե­ցաւ նաեւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան ու­սում­նա­սիր­ման՝ դրա­պաշտ (positivist) փի­լի­սո­փա­նե­րուն, յատ­կա­պես Է­միլ ­Լիտ­րէի ուղ­ղու­թեան յա­րե­լով։ Նոյն­պէս մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ Ֆ­րան­սա­յի ա­կա­նա­ւոր գրող-գոր­ծիչ­նե­րու, յատ­կա­պէս ­Վիք­թոր Հիւ­կո­յի այ­ցե­լու­նե­րէն դառ­նա­լով։


1876ին վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս։ Ան­դա­մակ­ցե­ցաւ կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան թարգ­մա­նու­թեանց դի­ւա­նին։ ­Մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ աշ­խար­հա­բա­րի ա­զատ գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար մղո­ւող պայ­քա­րին, բայց պահ­պա­նո­ղա­կան մա­մու­լը փակ գտաւ իր առ­ջեւ։ ­Մա­մու­լի է­ջե­րուն տեղ չգտնե­լով՝ սկսաւ գրքոյկ­ներ հրա­տա­րա­կել։ Ա­ռա­ջի­նը «­Դամ­բա­րան»ն­ է (1879)։ 1880ին «­Մա­սիս» թեր­թը աշ­խա­տակ­ցե­լու հրա­ւէր ուղ­ղեց Ե­ղիա­յին։


Հա­կա­ռակ հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թե­նէ հե­ռու մնա­լու իր ո­րո­շու­մին, նաեւ թա­ղա­կան ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Պէ­շիկ­թա­շի թա­ղա­մա­սէն, իսկ 1880ին ազ­գա­յին ե­րես­փո­խան ընտ­րո­ւե­ցաւ Ս­թե­նիա-­Նո­րա­գիւղ միա­ցեալ թա­ղե­րէն։


Բայց ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նի ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը ան­յոյս էր։ ­Թեր­թե­րէ ստա­ցած չնչին պա­տո­ւե­գի­նով կը փոր­ձէր պահ­պա­նել իր գո­յու­թիւ­նը։


Ապ­րուս­տի վի­ճա­կը ո­րոշ չա­փով բա­րե­լա­ւո­ւե­ցաւ, երբ դա­սեր տա­լու հրա­ւէր­ներ ստա­ցաւ. տե­սուչ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Բե­րա­յի վար­ժա­րան­նե­րուն եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան դա­սա­խօս կար­գո­ւե­ցաւ ­Հայ­կա­կան Կր­թա­րա­նին մէջ։


1882ին բա­նա­խօ­սե­լու հրա­ւէր­ներ ստա­ցաւ կրթա­կան տա­րե­վեր­ջի բո­լոր հան­դէս­նե­րուն։ Ար­դէն իր ժա­մա­նա­կի բարձ­րար­ժէք մտա­ւո­րա­կա­նի համ­բա­ւին տի­րա­ցած էր։
1883ի ­Յու­նո­ւա­րէն մին­չեւ 1889 լոյս ըն­ծա­յեց «Գ­րա­կան եւ Ի­մաս­տա­սի­րա­կան ­Շար­ժում» հան­դէ­սը, ո­րուն նիւ­թե­րը ի՛նք կը գրէր, բա­ցա­ռու­թեամբ իր կա­տա­րած, թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րուն։ 1884ին, Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պի ա­ռա­ջար­կով՝ Ե­ղիա­յին յանձ­նո­ւե­ցաւ Ա­սիա­կան Ըն­կե­րու­թեան պաշ­տօ­նա­թերթ «Երկ­րա­գունտ» գրա­կան եւ գի­տա­կան հան­դէ­սը։ ­Հոս եւս լոյս ըն­ծա­յեց տար­բեր մար­զե­րու վե­րա­բե­րեալ իր մաս­նա­գի­տա­կան գրո­ւածք­նե­րը։ 1886էն 1887, քա­նի մը ա­միս, Տէ­միր­ճի­պա­շեան խմբագ­րեց նաեւ Ա­րե­ւե­լեան Տն­տե­սա­գի­տա­կան ­Միու­թեան «Տն­տես» հան­դէ­սը, իսկ 1889ին լոյս ըն­ծա­յեց իր «­Դար» ա­նու­նով հան­դէ­սը (միայն մէկ հա­մար)։ Ե­ղիա ոչ միայն կը խմբագ­րէր, այ­լեւ քա­նի մը ան­գամ կը սրբագ­րէր նշեալ հան­դէս­նե­րու նիւ­թե­րը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս «­Շար­ժում» թեր­թին ողջ աշ­խա­տան­քը իր վրայ կեդ­րո­նա­ցած էր. ոչ միայն խմբա­գիր ու հե­ղի­նակ էր, այ­լեւ մա­տա­կա­րար, բեռ­նա­կիր, ցրո­ւիչ։ Այդ շրջա­նին Տէ­միր­ճի­պա­շեան աշ­խա­տե­ցաւ նաեւ ֆրան­սե­րէն-հա­յե­րէն բա­ռա­րա­նի մը կազ­մու­թեան վրայ, որ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ քա­նի մը ան­գամ (1886ին, 1894ին, 1896ին եւ, յետ մա­հու, 1930ին)։

1890ի ­Յու­լիս 31ին կորսն­ցուց մօ­րը եւ լրիւ մի­նակ մնաց։ ­Տա­րի­ներ ա­ռաջ ար­դէն կորսն­ցու­ցած էր հօ­րը։ ­Մին­չեւ 1893 ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան շա­րու­նա­կեց դա­սա­ւան­դել փի­լի­սո­փա­յու­թիւն, փի­լի­սո­փա­յու­թեան պատ­մու­թիւն, պատ­մու­թեան փի­լի­սո­փա­յու­թիւն, հին ու նոր գրա­կա­նու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թիւն, ման­կա­վար­ժու­թիւն, գե­ղա­գի­տու­թիւն, հո­գե­բա­նու­թիւն։

Կեն­սա­գիր­նե­րը կ­þընդգ­ծեն, որ 1893ը ճգնա­ժա­մա­յին ե­ղաւ Ե­ղիա­յի կեան­քին մէջ։ Ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս դադ­րե­ցաւ գրե­լէ։ Իսկ նոյն տա­րո­ւան ­Մա­յի­սին, իր ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ինք­նաս­պա­նու­թեան երկ­րորդ ան­յա­ջող փոր­ձը կա­տա­րեց։ Այս ան­գամ զինք փրկեց մա­կոյ­կա­վար ­Պե­տոն, որ եղ­բայրն էր ծա­նօթ գրող ­Սու­րէն ­Պար­թե­ւեա­նի։ 1893ի աշ­նան ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Խաս­գիւ­ղի ի­րենց սե­փա­կան տու­նը եւ սկսաւ դար­ձեալ գրել՝ տպագ­րո­ւե­լով յատ­կա­պէս «­Ծա­ղիկ» հան­դէ­սի է­ջե­րուն։

1895ի ձմրան ­Բե­րա­յի մէջ ծա­նօ­թա­ցաւ հուն­գա­րու­հի Է­լեն ­Նի­սը­նի, որ դար­ձաւ Ե­ղիա­յի հե­տա­գայ կեան­քի ու­ղե­կի­ցը։ ­Հուն­գա­րու­հիի տան մէջ եր­կու տա­րի բնա­կե­լէ ետք, Տէ­միր­ճի­պա­շեան մեկ­նե­ցաւ Ժ­նեւ, ա­պա՝ ­Վիեն­նա։ ­Ճամ­բոր­դու­թիւ­նը թէեւ չօգ­նեց իր ա­պա­քի­նու­մին, սա­կայն Ե­ղիա վերսկ­սաւ հան­դէս գալ մա­մու­լով։ ­Չորս տա­րո­ւան իր լռու­թիւ­նը խախ­տե­լու ե­կաւ «­Բիւ­զան­դիոն» թեր­թի է­ջե­րուն լոյս տե­սած «­Մեր ­Փոս­ֆո­րը»։

1901ին հի­ւան­դու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն սրե­ցաւ։ Ե­ղիան փո­խադ­րե­ցին Ազ­գա­յին ­Հի­ւան­դա­նոց, ուր մնաց մօտ մէկ տա­րի։ ­Զինք մե­ծա­գոյն հո­գա­տա­րու­թեամբ կը խնա­մէր Է­լեն ­Նի­սը­նը։ Հի­ւան­դա­նո­ցէն տուն վե­րա­դար­ձէն ետք միշտ գա­մո­ւած մնաց ան­կող­նին։ Եւ 1908ի ­Յու­լիս 19ին, Է­լեն ­Նի­սը­նի կար­ճա­տեւ բա­ցա­կա­յու­թեան ժա­մա­նակ, լա­րե­լով վեր­ջին ու­ժե­րը, Ե­ղիա Տէ­միր­ճի­պա­շեան ինք­նաս­պա­նու­թեամբ վերջ տո­ւաւ իր կեան­քին։

Հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ խեն­թին մա­հո­ւան 109րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կո­չա­կան այս է­ջը կ­þար­ժէ փա­կել ­Հայ ­Լե­զո­ւին նո­ւի­րուած եւ ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նա­կան իւ­րա­յա­տուկ ո­ճով գրո­ւած հե­տե­ւեալ ներ­բո­ղա­կա­նով.


«Ո՞ր ազգն ու­նի այդ լե­զուն, ո՞ր լե­զո­ւի մէջ կա­րող է միտ­քը այն­քան ա­զատ շրջիլ, հո­գին այն­քան ա­զատ թռչիլ, որ­քան հայ լե­զո­ւի մէջ. փայ­լա­կին բե­կեալ, այլ փայ­լուն գիծն այն ար­շա­ւա­գոյն, որ լե­զուն կա­րող է պատ­կե­րաց­նել. ո՞ր լե­զուն Է՝ ոյր պար­բե­րու­թիւնք կրնան մերթ գե­տի մը չափ եր­կա­րիլ, պար­բե­րու­թիւնք՝ որք սա­կաւ գե­տե­րու նման սկիզբ ու­նին եւ վախ­ճան, որք բարձ­րե­րէն կը բղխին եւ գու­նա­գեղ բու­րում­նա­ւէտ դաշ­տաց ընդ­մէ­ջէն ա­դա­մանդ­ներ հո­լո­վե­լով կամ ժայ­ռեր գլո­րե­լով կ­þանց­նին գո­ռա­լով ու գա­լա­րե­լով, եւ ուր որ ու­րեմն ի խորս անդր օվ­կեա­նին անդն­դա­խոր կը հաս­նին»։





Bu haber azator kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+