Սեւան Նշանեանը կալանաւորելու որոշում տրուած է -
Սեւան Նշանեանը կալանաւորելու որոշում տրուած է
Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան պաշտօնապէս յայտարարուած է փախուստի մէջ գտնուող, զայն կալանաւորելու մասին որոշում կայ,- կը հաղորդէ «Արմէնփրես»: Նշանեան, որ 2014 թուականէն բանտ կը գտնուէր եւ 17 տարուան ազատազրկման դատապարտուած էր, Յուլիս 14ին օգտուած էր բանտէն դուրս գալու թոյլտուութենէն, սակայն ետ չէր վերադարձած բանտ: Քանի որ լեզուաբանը 48 ժամուան ընթացքին հրաժարած էր յանձնուելէ, զայն Յուլիս 16ի առաւօտէն յայտարարած են փախուստի մէջ գտնուող: Նշանեանը փախուստի մասին յայտնած էր թուիթըրեան իր էջին մէջ ըսելով՝ «Թռչունը թռաւ. տարոսը մնացած ութսուն միլիոնին»:
Թրքական լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի ընթացքին պոլսահայ մտաւորական Նշանեան խոստացած էր, որ երբ ժամանակը գայ, մանրամասնօրէն պիտի պատմէ, թէ ինչպէ՛ս փախած է բանտէն: Խօսելով այն մասին, թէ ինչո՛ւ նման որոշում կայացուցած է` 2014 թուականէն ազատազրկման մէջ գտնուող լեզուաբանը ըսած է.- «Մտածեցի, որ 3,5 տարին արդէն բաւական է, եկած է ժամանակը, երբ պէտք է շունչ քաշել: Սա է ամէնը: Նման պայմաններու մէջ որոշում կայացուցի Թուրքիոյ թերութիւններէն օգտուելով դուրս գալու պետութեան վերահսկողութեան տարածքէն»: «Թուրքիայէն փախչիլը շատ հեշտ է: Ինչպէս կը տեսնէք, լաւ գումարի առկայութեան պարագային բոլորն ալ կրնան փախչիլ: Կառոյցներու մէջ եթէ գումարը տաս անվտանգութեան՝ շատ հանգիստ կրնաս փախչիլ»,- ըսած է ան:
Bu haber azator kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com