Ժորժ Քեփենեկեանը` Լիոնի Նոր Քաղաքապետ -
Ժորժ Քեփենեկեանը` Լիոնի Նոր Քաղաքապետ
Ժորժ Քեփենեկեանը ֆրանսական Լիոնի նոր քաղաքապետն է: Լիոնի քաղաքային խորհուրդը երէկ այդ պաշտօնին ընտրեց հայ թեկնածուն: Խորհուրդի 72 անդամներէն անոր թեկնածութեան օգտին քուէարկեցին 49-ը:
67-ամեայ հայ գործիչը յաջորդեց Լիոնը 2001-էն ղեկավարած Ժերար Քոլոմին, որ Ֆրանսայի նոր ձեւաւորուած կառավարութեան մէջ արդէն նշանակուած է ներքին գործոց նախարար:
Լիոնի քաղաքապետի պաշտօնը վարելու համար Քեփենեկեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր նոյնինքն Քոլոմ:
Քեփենեկեան 2014-էն Քոլոմի մշակութային եւ ձեռնարկներու հարցերով առաջին տեղակալն էր:
Ան աշխուժ ներդրում ունեցած է Լիոնի զարգացման գործին մէջ: Ժորժ Քեփենեկեան ներգրաւուած եղած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան պատմական որակեց Ժորժ Քեփենեկեանի ընտրութիւնը այս պաշտօնին: Վերջինս աշխուժ մասնակցութիւն ունի հայ համայնքի կեանքին մէջ: Կանուխ տարիքէն անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
«Ինք բաւական օգնած է հայկական հաստատութիւններուն: Աշխատած է իբրեւ Լիոնի փոխքաղաքապետ` մշակութային հարցերով: Ան բաւական փայլուն ներկայութիւն ունեցած է Լիոնի մէջ, զարգացուցած է մշակութային քաղաքականութիւնը», ըսած է Փափազեան:
Մուրատ Փափազեան ըսած է նաեւ, որ Ֆրանսայի քաղաքական դաշտին մէջ հայերուն համար դրական պատկեր ստեղծուած է` հաշուի առնելով այն փաստը, որ յունիսին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն 3 հայ երեսփոխաններ ընտրուած են: Ֆրանսա այս տարի ընտրեց նոր նախագահ, ձեւաւորեց նոր կառավարութիւն եւ այս շրջագիծին մէջ, Փափազեանի կարծիքով, երկրի երկրորդ մեծագոյն քաղաքի ղեկավարին հայ ըլլալու փաստը կարեւոր դռներ պիտի բանայ Հայաստանի համար:
Նախկին նախագահի` Ֆրանսուա Հոլլանտի հայամէտ քաղաքականութիւնը, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահին համաձայն, իրենց բաւարարած է: Հիմա նոյնը կ՛ակնկալեն Ֆրանսայի նոր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com