«Թուրքիան Պիտի Հանգչի, Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Մերժէ Անոր Անդամակցութեան Դիմումը» Կ՛ըսէ Էրտողան -
«Թուրքիան Պիտի Հանգչի, Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Մերժէ Անոր Անդամակցութեան Դիմումը» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Թուրքիան պիտի հանգչի, եթէ Եւրոպական Միութիւնը որոշէ չընդունիլ անոր անդամակցութեան դիմումը»: «Թուրքիան կրնայ առանձին ոտքի կանգնիլ», նշեց ան:
«Մենք մեր խօսքը կը յարգենք: Եթէ Եւրոպական Միութիւնը անկեղծօրէն մեզի ըսէ` «մենք չենք կրնար Թուրքիան ընդունիլ Եւրոպական Միութեան մէջ», ատիկա պիտի հանգստացնէ մեզ, եւ պիտի սկսինք մեր Բ. կամ Գ. ծրագիրը», նշեց ան` աւելցնելով. «Եւրոպական Միութիւնը մեզի համար կենսական հարց մը չէ, ուստի մենք հանգիստ ենք»:
«Անցեալին, երբ վարչապետի պաշտօնին վրայ առաջին նստաշրջանս էր, Թուրքիան Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովին ընթացքին կը նկարագրուէր իբրեւ լուռ յեղափոխութիւն իրագործած երկիր մը, սակայն այժմ նոյն Եւրոպական Միութիւնը ո՛չ միայն մեզ իր ղեկավարներու վեհաժողովին չի հրաւիրեր, այլ մեր ժամանակը կը վատնէ: Եւ ներկայիս այս է կացութիւնը», նշեց Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը շեշտեց, որ թուրքերուն մեծամասնութիւնը «այլեւս չ՛ուզեր Եւրոպական Միութիւնը» եւ Թուրքիոյ նկատմամբ անոր մօտեցումը կը նկատէ բացասական: «Հակառակ այդ բոլորին, պիտի շարունակենք յաւելեալ կարճ ժամանակ մը եւս Եւրոպական Միութեան հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ մնալ հաւատարիմ, եւ պիտի տեսնենք, թէ ատիկա ի՛նչ պիտի ապահովէ մեզի», ըսաւ Էրտողան:
«Գերմանիոյ Մէջ Չկայ Խօսքի Եւ Մտքի Ազատութիւն»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Գերմանիոյ մէջ չկայ խօսքի եւ մտքի ազատութիւն: Ըստ անոր, Թուրքիան այդ առումով շատ աւելի ազատ է: Այս մասին կը գրէ թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը:
«Ուզեցի Համպուրկի մէջ հանդիպիլ տեղւոյն թուրք համայնքին հետ: Չարտօնեցին: Ըսինք` ուրիշ քաղաքներ ալ կ՛ըլլայ: Դարձեալ չարտօնեցին: Այնտեղ մեզի պէս չեն, այնտեղ խօսքի ու մտքի ազատութիւն չկայ», ըսած է Էրտողան:
Խօսելով Թուրքիոյ` մամուլի նկատմամբ ճնշումներ գործադրելու մեղադրանքներուն մասին, Էրտողան հաւաստած է, որ անոնք սուտ են:
«Թուրքիան մամլոյ անազատութեան երկիր չէ, ինչպէս կը ներկայացուի: Ի հարկէ, ազատութիւնն ալ ունի չափ ու սահման», յայտարարած է Թուրքիոյ ղեկավարը:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտարարած էր, որ ճիշդ չի նկատեր Էրտողանի` Գերմանիոյ թուրք համայնքին հետ հանդիպման դիմումը բաւարարելը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` քննադատելով Գերմանիոյ այդ մօտեցումը, տեղի ունեցածը որակած էր իբրեւ «խօսքի ազատութեան արժեչափերու խախտում»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com