Էրտողան. «Պատրաստ Ենք Քաթարի Մէջ Թրքական Ռազմակայանը Փակելու, Եթէ Մեզմէ Ատիկա Պահանջուի» -
Էրտողան. «Պատրաստ Ենք Քաթարի Մէջ Թրքական Ռազմակայանը Փակելու, Եթէ Մեզմէ Ատիկա Պահանջուի»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Պատրաստ ենք Քաթարի մէջ թրքական ռազմակայանը փակելու, անմիջապէս որ Տոհայի կողմէ պատշաճ պահանջ մը ստանանք»:
Ան շեշտեց, որ իր երկիրը Ծոցի շրջանի տագնապին մէջ կը զօրակցի Քաթարին: «Տոհայի հետ յարաբերութիւնները խզած չորս երկիրներուն 13 կէտերէ բաղկացած պահանջները ամէն պարագայի անգործադրելի են»:
«Այդ ցանկը կ՛ընդգրկէ պահանջներ, որոնց միջոցով Քաթարի հետ յարաբերութիւնները խզած երկիրները կը յայտնեն, թէ չեն յարգեր Քաթարը իբրեւ պետութիւն, եւ ան պէտք է հրաժարի իբրեւ պետութիւն իր վայելած բոլոր լիազօրութիւններէն», նշեց Էրտողան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com