5 Յուլիս, 1921. Ստալինեան Որոշումով՝ Լեռնային Ղարաբաղը Բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

06 Temmuz 2017  

5 Յուլիս, 1921. Ստալինեան Որոշումով՝ Լեռնային Ղարաբաղը Բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին -

5 Յուլիս, 1921. Ստալինեան Որոշումով՝ Լեռնային Ղարաբաղը Բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին 5 Յուլիս, 1921. Ստալինեան Որոշումով՝ Լեռնային Ղարաբաղը Բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին

1921 թո­ւա­կա­նի այս օ­րը՝ ­Յու­լիս 5-ին, տխրահռ­չակ բռնա­տէր Ս­տա­լի­նի հրա­հան­գով՝ հա­մայ­նա­վար Ռու­սաս­տա­նը կոր­ծա­նա­րար ո­րո­շում մը պար­տադ­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դին։

5 ­Յու­լիս 1921-ի ա­ռա­ւօ­տեան վաղ ժա­մե­րուն, գոր­ծադ­րե­լով Ք­րեմ­լի ղե­կա­վա­րու­թեան վրայ մե­նա­կա­լու­թիւն հաս­տա­տած Ս­տա­լի­նի հրա­հան­գը՝ այս­պէս կո­չո­ւած ­Ռու­սա­կան ­Կո­մու­նիս­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան Կ. ­Կո­մի­տէի ­Կով­կա­սեան ­Բիւ­րոն ա­պօ­րի­նի ո­րո­շում մը կա­յա­ցուց եւ ­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը ան­ջա­տեց ­Հա­յաս­տա­նէն ու բռնակ­ցեց Ատր­պէյ­ճա­նին։

Պատ­մա­կան ու հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կան­քով՝ «1921 թ. ­Յու­լի­սի 4-ին ­Ռու­սաս­տա­նի Կո­մու­նիս­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ­Կով­կա­սեան ­Բիւ­րոն, Վ­րաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Թ­բի­լի­սիում հրա­ւի­րում է լիա­գու­մար նիստ, ո­րի ըն­թաց­քում …հաս­տատ­ւում է ­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ­Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. մաս հան­դի­սա­նա­լու փաս­տը։ ­Սա­կայն, ­Մոս­կո­ւա­յի թե­լադ­րան­քով եւ Ս­տա­լի­նի ան­մի­ջա­կան մի­ջամ­տու­թեամբ, ­Յու­լի­սի լոյս 5ի գի­շե­րը, վե­րա­նայ­ւում է նա­խորդ օ­րո­ւայ ո­րո­շու­մը եւ, փոխարէնը, ըն­դուն­ւում է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը Խորհր­դա­յին Ադր­բե­ջա­նի կազ­մում ընդգր­կե­լու եւ այդ տա­րած­քում ինք­նա­վար մարզ կազ­մա­ւո­րե­լու վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում՝ չպահ­պա­նե­լով նոյ­նիսկ ըն­թա­ցա­կար­գը։

…Ա­ւե­լի՛ն. ա­մէն ինչ ա­րո­ւեց, որ­պէս­զի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզն ընդ­հա­նուր սահ­ման չու­նե­նայ ­Հա­յաս­տա­նի հետ։ ­Խորհր­դա­յին ողջ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծում ­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­յու­թիւ­նը չհաշ­տո­ւեց այդ ո­րոշ­ման հետ եւ տաս­նեակ տա­րի­ներ պայ­քա­րեց Մայր ­Հայ­րե­նի­քին վե­րա­միա­ւո­րո­ւե­լու հա­մար։

«Ար­ցախն Ադր­բե­ջա­նին ան­մի­ջա­պէս բռնակ­ցե­լուց յե­տոյ՝ սկիզբ ա­ռաւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը։ 1920-ա­կան թթ. Ար­ցա­խում հա­կա-ադր­բե­ջա­նա­կան շար­ժու­մը ղե­կա­վա­րե­լու նպա­տա­կով ստեղ­ծո­ւեց «­Ղա­րա­բա­ղը՝ ­Հա­յաս­տա­նին» միու­թիւ­նը։ 1927 թ. Նո­յեմ­բե­րի սկզբնե­րին միու­թիւ­նը հա­զա­րա­ւոր թռու­ցիկ­ներ է ցրել՝ ­Ղա­րա­բա­ղը ­Հա­յաս­տա­նին նշա­նա­բա­նով։ 1962 թ. Ս­տե­փա­նա­կեր­տի աւ­տո­շա­րա­սեան 300 աշ­խա­տա­ւոր­ներ բո­ղոք-նա­մակ գրե­ցին Խ.Ս.Հ.Մ. ­Գե­րա­գոյն ­Խորհր­դի նա­խա­գա­հու­թիւն, կու­սակ­ցու­թեան ­Կենտ­կոմ եւ Մի­նիստր­նե­րի ­Խոր­հուրդ։

Նա­մա­կում ներ­կա­յա­ցո­ւեց մար­զի գա­ղու­թա­յին վի­ճա­կը եւ ա­ռա­ջար­կո­ւեց Լ.Ղ.Ի.Մ.ը վե­րա­միա­ւո­րել Հ.Խ.Ս.Հ.ին։ 1962 թ. մի շարք մտա­ւո­րա­կան­ներ նմա­նօ­րի­նակ նա­մա­կով դի­մե­ցին Խ.Մ.Կ.Կ. ­Կենտ­կո­մին։ Այս­պի­սի դի­մում­նե­րը կրում էին պար­բե­րա­կան բնոյթ եւ յղւում էին թէ՛ Լ.Ղ.Ի.Մ.ից, թէ՛ Հ.Խ.Ս.Հ.ից։ ­Միայն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղից ­Կենտ­կո­մին հա­սած դի­մում­նե­րի տակ ստո­րագ­րել էին 45 հա­զար աշ­խա­տա­ւոր­ներ։ ­Փաս­տօ­րէն, չնա­յած Լ.Ղ.ն­ ա­պօ­րի­նա­բար բռնակ­ցո­ւել էր Ադր.Խ.Ս.Հ.ին, այն եր­բեք չէր կորցնում ան­կա­խա­նա­լու եւ Մայր ­Հա­յաս­տա­նին միա­ւո­րո­ւե­լու ձգտու­մը ։

Այ­նու­հե­տեւ՝ 1988-ի ­Փետ­րո­ւա­րին թափ ա­ռած Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մէն աս­դին, շատ մե­լան հո­սած է ստա­լի­նեան այդ կա­մա­յա­կան, ա­պօ­րի­նի եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ա­նար­դար ո­րո­շու­մին պատ­մա­կան լու­սա­բան­ման եւ ան­խու­սա­փե­լի սրբագր­ման հա­մար։

Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը, եր­կու ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, իր քննար­կում­ներն ու վի­ճար­կում­նե­րը կեդ­րո­նա­ցու­ցած է խորհր­դա­յին­նե­րու այդ ո­րոշ­ման ի­րա­ւա­կան ար­ժե­ւո­րու­մին վրայ։

Մէկ ուղ­ղու­թիւ­նը հիմ­նա­ւո­րած ու դա­տա­պար­տած է այդ ո­րոշ­ման կա­մա­յա­կան, ա­պօ­րի­նի եւ ա­նար­դար բնոյ­թը։ Ս­տա­լի­նեան ո­րո­շու­մին մէջ ի­րա­ւա­կան ո­րե­ւէ հիմք գո­յու­թիւն չէ ու­նե­ցած եւ պար­զա­պէս մե­ծա­պե­տա­կան շա­հախնդ­րու­թեանց յա­գուրդ տո­ւող գոր­ծարք մը ե­ղած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բռնակ­ցու­մը Ատր­պէյ­ճա­նին։

Երկ­րոր­դը՝ հիմ­նա­ւո­րած է ի­րա­ւա­գի­տա­կան տա­րա­զու­մը Ար­ցա­խեան ­Հար­ցի բա­նակ­ցա­յին լուծ­ման հա­մար հայ­կա­կան կող­մին ա­ռա­ջադ­րած եւ պաշտ­պա­նած տե­սա­կէ­տին։

Ի պա­տաս­խան ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի այն հե­տե­ւո­ղա­կան պնդու­մին, թէ իբր յա­նուն Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը պէտք է վե­րա­դար­ձո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին, հայ­կա­կան կող­մը ի­րա­ւա­բա­նօ­րէն կը հիմ­նո­ւի այն փաս­տին վրայ, որ Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը եր­բեք մաս չէ կազ­մած Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ, հե­տե­ւա­բար, ան­հիմն ու ան­հե­թեթ է ա­մէն խօ­սակ­ցու­թիւն Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման մա­սին։

Ար­դա­րեւ, ե­թէ 1921-ին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը յայ­տա­րա­րո­ւած էր մէկ մա­սը Ատր­պէյ­ճա­նի, այդ քայ­լը ի­րա­ւա­բա­նօ­րէն նախ ե­ղած էր ա­պօ­րի­նի, ա­պա՝ բռնակ­ցու­մը կա­տա­րո­ւած էր ի սպաս Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի, այլ ոչ թէ ան­կախ Ատր­պէյ­ճա­նի։

Ա­պա՝ բռնակ­ցու­մը կա­տա­րո­ւած էր խորհր­դա­յին սահ­մա­նադ­րա­կան պայ­ման­նե­րով, ո­րոնք 1991-էն ետք կորսն­ցու­ցին ի­րենց ի­րա­ւա­կան հիմ­քը, երբ նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճան մեր­ժեց ճանչ­նալ խորհր­դա­յին կար­գե­րը եւ դուրս ե­կաւ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն, նախ­քան ա­նոր պաշ­տօ­նա­կան լու­ծա­րու­մը։

Այլ խօս­քով՝ նոյ­նինքն 5 ­Յու­լիս 1921-ի խորհր­դա­յին պաշ­տօ­նա­կան ո­րո­շու­մէն մեկ­նե­լով, ա­նոր ա­նար­դար բնոյ­թը շեշ­տե­լով հան­դերձ, հայ ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­ւա­կան ա­մէն հիմք ու­նի կառ­չած մնա­լու այն փաս­տին, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն բնաւ մաս չէ կազ­մած Ատր­պէյ­ճա­նին։

Պատ­մու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րած է, որ ­Ռու­սա­կան ­Կայս­րու­թեան ան­կու­մէն յե­տոյ, ­Կով­կա­սի մէջ սկսած պե­տու­թիւն­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման հանդ­րո­ւա­նին, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը 1918-20 թո­ւա­կան­նե­րուն կռուախն­ձոր դար­ձաւ՝ մէկ կող­մէ իր ան­կա­խու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նած Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ, միւս կող­մէ, թրքա­կան զօր­քե­րու ներ­խուժ­ման պայ­ման­նե­րուն մէջ ձե­ւա­ւո­րո­ւած նո­րաս­տեղծ Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ։

Այդ ա­տեն ծայր ա­ռաւ հա­յեւ­թա­թա­րա­կան դա­ժան պա­տե­րազմ մը, ո­րու ըն­թաց­քին Ար­ցա­խը հե­րո­սա­բար պաշտ­պա­նեց ինք­զինք եւ պա­պե­նա­կան իր հո­ղը։

Անդր­կով­կա­սի թա­թար­նե­րուն Իթ­թի­հա­տի կող­մէ «հրամ­ցո­ւած» Ատր­պէյ­ճա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, իր կազ­մա­ւոր­ման պա­հէն իսկ, շա­րու­նա­կա­բար հո­ղա­յին պա­հանջ­ներ ներ­կա­յա­ցուց Անդր­կով­կա­սի հայ­կա­կան շրջան­նե­րուն նկատ­մամբ:

Թր­քա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քերն ու Ատր­պէյ­ճա­նի մու­սա­ւա­թա­կան զօ­րա­միա­ւոր­նե­րը, օգ­տո­ւե­լով Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի եւ ­Ռու­սաս­տա­նի ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան անկ­ման հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած խառ­նաշ­փոթ ի­րա­վի­ճա­կէն, փոր­ձե­ցին իր ա­ւար­տին հասց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ 1915-ին գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը։

1918-էն 1920, հա­մաթր­քա­կան մեծ պե­տու­թիւն մը հիմ­նե­լու հրէ­շա­ծին ծրագ­րով տա­րո­ւած՝ թրքա­ցեղ այդ զօր­քե­րը բնաջն­ջե­ցին հա­րիւ­րա­ւոր հայ­կա­կան գիւ­ղեր, կազ­մա­կեր­պե­ցին հա­յե­րու ջար­դեր ­Պա­քո­ւի եւ ­Գեան­ջա­յի մէջ:

Բայց նոյ­նինքն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ թուր­քե­ւա­զե­րիա­կան զօր­քե­րը բա­խե­ցան լուրջ դի­մադ­րու­թեան եւ պար­տո­ւած նա­հան­ջի դի­մե­ցին՝ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Ար­ցա­խի ա­տե­նի մայ­րա­քա­ղաք Շու­շին 1920-ի ­Մարտ 23-ին հրկի­զո­ւած ու թա­լա­նո­ւած էր, իսկ ա­նոր հայ բնակ­չու­թիւ­նը կո­տո­րո­ւած։

Ճիշդ այդ ժա­մա­նակ, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րեց մի­ջամ­տել ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն ող­բեր­գա­կան բնոյթ ստա­ցած հա­կա­մար­տու­թեան։

1920-ի ­Դեկ­տեմ­բեր 1-ին, Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի 5րդ ­Կո­մի­տէն, իր 3րդ Են­թա­կո­մի­տէի զե­կոյ­ցին վրայ հիմ­նուե­լով եւ հա­կա­դար­ձե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րուն ու ա­զե­րի­նե­րու ձե­ռամբ հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րուն, միա­ձայ­նու­թեամբ ո­րո­շեց մեր­ժել Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դի­մու­մը՝ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յին ան­դա­մակ­ցե­լու։

Օ­րին, Ազ­գե­րու ­Լի­կան նաեւ ո­րո­շեց, մին­չեւ հա­կա­մար­տու­թեան վերջ­նա­կան կար­գա­ւո­րու­մը, Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը ճանչ­նալ իբ­րեւ վի­ճե­լի տա­րածք, ո­րուն շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան յան­գե­ցան հա­կա­մար­տու­թեան ա­ռըն­չա­կից բո­լոր կող­մե­րը, ա­նոնց շար­քին եւ Ատր­պէյ­ճա­նը։ Այս­պէ՛ս, 1918-20 թո­ւա­կան­նե­րուն, Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ա­նոր գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը չէր տա­րա­ծո­ւած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի, ինչ­պէս եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի վրայ։

Այ­նու­հե­տեւ, Անդր­կով­կա­սի մէջ խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մին հե­տե­ւե­ցաւ քա­ղա­քա­կան նոր քար­տէ­սի սահ­մա­նագ­ծու­մը։

1920-ի ­Դեկ­տեմ­բե­րի վեր­ջե­րուն, ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի հռչա­կու­մէն յե­տոյ, ­Կար­միր Բա­նա­կի զօր­քե­րը, մին­չեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի հար­ցին խա­ղաղ լու­ծու­մը, ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս գրա­ւե­ցին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը:

Միա­ժա­մա­նակ՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ, Ատրպէյ­ճա­նի ­Յեղ­կո­մը (­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Կո­մի­տէն, որ պոլ­շե­ւի­կեան այդ ժա­մա­նա­կո­ւան իշ­խա­նու­թեան գլխա­ւոր մար­մինն էր) պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թեամբ ճանչ­ցաւ ՙ­վի­ճե­լի տա­րածք­նե­րուն՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի, ­Զան­գե­զու­րի եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նին ­Հա­յաս­տա­նի ան­բա­ժա­նա­լի մա­սը ըլ­լա­լը: ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի, ­Զան­գե­զու­րի եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի նկատ­մամբ իր յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րէն հրա­ժա­րե­լու մա­սին ատր­պէյ­ճա­նա­կան այդ յայ­տա­րա­րու­թեան պա­հուն, հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րը ի­րո­ղա­պէս մաս չէին կազ­մեր ­Խորհրդա­յին Ատր­պէյ­ճա­նին։

«­Վի­ճե­լի տա­րածք­ներ»ու նկատ­մամբ իր յա­ւակ­նութ­յուն­նե­րէն հրա­ժա­րե­լու մա­սին ­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թեան հի­ման վրայ, 1921-ի ­Յու­նիս 21-ին, ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նը ­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը յայ­տա­րա­րեց իր ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը:

Հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը կ­՚եզ­րա­կաց­նեն, որ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­դու­նած հա­մա­պա­տաս­խան ­Դեկ­րե­տը լոյս տե­սաւ ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի, այն­պէս ալ Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դա­յին մա­մու­լի է­ջե­րուն։ ­Պա­քո­ւի «Աշ­խա­տա­ւոր» թեր­թը, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ­Կոմ­կու­սի Կենտ­կո­մի օր­գանն էր, 1921-ի ­Յու­նիս 22-ին լոյս ըն­ծա­յեց ­Դեկ­րե­տը։ Այդ­պի­սով, տե­ղի ու­նե­ցաւ Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի փաս­տա­ցի միա­ցու­մը ­Հա­յաս­տա­նին, ինչ որ մի­ջազ­գա­յին-ի­րա­ւա­կան ի­մաս­տով Անդր­կով­կա­սոի մէջ, կո­մու­նիս­տա­կան վար­չա­կար­գի ըն­թաց­քին, ե­ղաւ վեր­ջին օ­րի­նա­կան ակ­տը Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­բե­րեալ։

Միաց­ման այդ ակ­տը ող­ջու­նե­ցին ինչ­պէս մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը, այն­պէս ալ Ռու­սաս­տա­նը, ինչ որ ամ­րագ­րո­ւե­ցաւ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի ժո­ղո­վի բա­նա­ձե­ւին մէջ (թիւ /18.XII.1920թ.), ինչ­պէս նաեւ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րին՝ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի ան­դամ-պե­տու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղո­ւած տե­ղե­կանք-նո­թին եւ ՌԽՖՍՀ ար­տա­քին գոր­ծե­րու ժո­ղովր­դա­կան կո­մի­սա­րիա­տի /նա­խա­րա­րու­թեան (իշ­խա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն մարմ­նին) Խոր­հուրդ­նե­րու XI նստաշր­ջա­նին ուղ­ղո­ւած 1920-21 թթ. տա­րե­կան զե­կոյ­ցին մէջ։

Շու­տով, սա­կայն, ­Ռու­սաս­տա­նի պոլ­շե­ւի­կեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մու­նիս­տա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան օ­ժան­դա­կե­լու իր քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն մեկ­նե­լով եւ Թուր­քիոյ վե­րա­պա­հե­լով «Ա­րե­ւել­քի մէջ յե­ղա­փո­խու­թեան ջա­հա­կիր»ի դե­րը, ըստ այնմ փո­խեց իր վե­րա­բեր­մուն­քը վեր­ջի­նիս ազ­գա­յին ծա­գու­մով մեր­ձա­ւոր Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ՙ­վի­ճե­լի տա­րածք­նե­րու խնդրին, այդ շար­քին նաեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նկատ­մամբ:

Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ­Մոս­կո­ւա­յի ցուց­մուն­քով, վերսկ­սաւ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ ձեռ­նար­կել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նկատ­մամբ իր յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

ՌԿ/բ/Կ ­Կով­բիւ­րո­յի պլե­նու­մը, ար­հա­մար­հե­լով Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յին ո­րո­շու­մը եւ մեր­ժե­լով ժո­ղովր­դա­կան հան­րա­քո­ւէն՝ իբ­րեւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ սահ­ման­նե­րու ո­րոշ­ման ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան մե­խա­նիզմ, 1921-ի ­Յու­լիս 5-ին, Ս­տա­լի­նի ան­մի­ջա­կան ճնշու­մին տակ եւ ի հա­կադ­րումն միաց­ման ակ­տի, ա­րա­րո­ղա­կար­գա­յին խախ­տում­նե­րով ո­րո­շում տո­ւաւ Հա­յաս­տա­նէն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բռնի ան­ջատ­ման մա­սին՝ այդ հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րուն վրայ Ադր­բե­ջա­նա­կան ԽՍՀ կազ­մին մէջ լայն ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով ազ­գա­յին ինք­նա­վա­րու­թիւն կազ­մա­ւո­րե­լու պայ­մա­նով:

Ա­հա՛ նման՝ ա­պօ­րի­նի, կա­մա­յա­կան եւ ա­նար­դար ո­րո­շու­մի մը կա­յաց­ման չա­րա­բաս­տիկ թո­ւա­կանն է 1921-ի ­Յու­լիս 5-ը։

Նազարէթ Պէրպէրեան




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+