​Աթէշեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Մասին Պատրիարքարանի Որոշումը Յանձնուած է Սթամպուլի Նահանգապետ - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

03 Temmuz 2017  

​Աթէշեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Մասին Պատրիարքարանի Որոշումը Յանձնուած է Սթամպուլի Նահանգապետ -

​Աթէշեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Մասին Պատրիարքարանի Որոշումը Յանձնուած է Սթամպուլի Նահանգապետ ​Աթէշեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Մասին Պատրիարքարանի Որոշումը Յանձնուած է Սթամպուլի Նահանգապետարանին

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը Յունիս 29-ին պաշտօնապէս Սթամպուլի նահանգապետարան ներկայացուցած է Եկեղեցական ժողովին կողմէ ընդունուած վերջին որոշումը, որով դադրեցուած կը համարուին Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի լիազօրութիւնները որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ: Այս մասին յայտնէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը:

Եկեղեցական ժողովի որոշումը նահանգապետարանին յանձնած է Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան: Ան յայտնած է, որ որոշումը պիտի կցուի նախապէս Սթամպուլի նահանգապետարան ուղղուած դիմումին: Այդպիսով, պետութեան պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի վերաբերեալ ներկայացուած թղթածրարը աւելի ամբողջական պիտի դառնայ: «Այժմ պէտք է սպասենք, որ նահանգապետարանի կամ պատկան այլ մարմիններու կողմէ նամակ ուղարկուի տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանին, կամ զայն հրաւիրեն նահանգապետարան հանդիպման»,- նշած է Մաշալեան:

Յուլիս 4-ին պատրիարքարանին մէջ Պեքճեանի գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ համայնքային խորհրդակցութիւն, ուր բացի համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարներէն ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Կրօնական ժողովի անդամները: Այդ ժողովի ընթացքին պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման նպատակով պիտի ստեղծուի Նախաձեռնող խումբ, որ պիտի ունենայ 17 անդամ: Անոնցմէ 12-ը պիտի առաջարկուին եւ ընտրուին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, իսկ մնացեալը յ 5 անդամը՝ Պատրիարքարանին վերապահուած քոթայէն։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական ընդհանուր ժողովը Յունիս 28-ին որոշում կայացուցած է դադրեցնել Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի լիազօրութիւնները որպէս պատրիարքական փոխանորդ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+