Պոլսոյ Պատրիարքարանի Հոգեւոր Խորհուրդը Զրկած է Աթէշեանը Փոխանորդի Իր Լիազօրութիւններէն -
Պոլսոյ Պատրիարքարանի Հոգեւոր Խորհուրդը Զրկած է Աթէշեանը Փոխանորդի Իր Լիազօրութիւններէն
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդը որոշում կայացուցած է դադրեցնելու Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի լիազօրութիւնները՝ իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս»-ը:
Հոգեւոր խորհուրդի նիստը տեղի ունեցած է Յունիս 28-ին: Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան յայտնած է, որ որոշումը կայացուած է 22 կողմ եւ երկու դէմ ձայներով:
Աթէշեան Մայիս 24-ին յայտարարած էր պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն հեռանալու մտադրութեան մասին` Մարտ 15-ին պատրիարքական տեղապահ ընտրուած Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանը հրաւիրելով Պոլիս: Այդուհանդերձ, ան մինչեւ այսօր պաշտօնապէս հրաժարական չէր տուած իր պաշտօնէն:
Պեքճեանի եւ Աթէշեանի միջեւ Յունիս 24-ին հանդիպում մը տեղի ունեցած էր: Հանդիպման Աթէշեան յայտնած էր, որ չի մտածեր փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարական տալու մասին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com