​Նոր նշանակումներ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակէն ներս - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

27 Haziran 2017  

​Նոր նշանակումներ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակէն ներս -

​Նոր նշանակումներ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակէն ներս ​Նոր նշանակումներ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակէն ներս

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ իր գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան ընտանիքով Պէյրութ, Լիբանան տեղափոխուելու պատճառով՝ 30 Յունիս, 2017-էն պիտի դադրի զբաղեցնել այս պաշտօնը:

Պետոն Գրասենեակի աշխատակազմի մշտական անդամ դարձաւ Հոկտեմբեր 2010-ին եւ այս ընթացքին ան խղճմտօրէն, նուիրումով եւ ձեռնհասութեամբ կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնները: Պետոյին բարի երթ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իր ապագայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ:

Յուլիս 1, 2017-էն սկսեալ՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատուի պաշտօնը պիտի վարէ Յարութ Շիրինեանը, որ արդէն Պրիւքսել կը գտնուի եւ աստիճանաբար պիտի ստանձնէ իրեն վստահուելիք պատասխանատւութիւնները: Յարութ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը աւարտած է, ապա Փարիզի Քրէթէյ համալսարանի «Տնտեսութիւն եւ կառավարում» ճիւղը, որմէ ետք մասնագիտացած է «Մարզական կառավարում» ճիւղին մէջ, վկայականը ստանալով փարիզեան Ամօս համալսարանէն: Ան անդամ է Հ.Յ. Դաշնակցութեան, եղած է ՀՅԴ Նոր Սերունդ երիտասարդական միութեան վարչութեան ատենապետ, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի արտաքին յարաբերական յանձնախումբի անդամ եւ ՀՅԴ արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի պատասխանատու:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+