​Քրտական Ուժերը Կը Զգուշացնեն Աֆրինի Դէմ Թրքական Հաւանական Յարձակումէ - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

23 Haziran 2017  

​Քրտական Ուժերը Կը Զգուշացնեն Աֆրինի Դէմ Թրքական Հաւանական Յարձակումէ -

​Քրտական Ուժերը Կը Զգուշացնեն Աֆրինի Դէմ Թրքական Հաւանական Յարձակումէ ​Քրտական Ուժերը Կը Զգուշացնեն Աֆրինի Դէմ Թրքական Հաւանական Յարձակումէ

Սուրիոյ քրտական ուժերու` Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Նուրի Մահմուտ յայտարարութիւն մը հրապարակելով զգուշացուցած է Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ Աֆրին քրտաբնակ շրջանին ուղղութեամբ յարձակումի մը կարելիութենէն:

«Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ քրտական կողմը կը դժուարանայ նշել, թէ մօտաւորապէս որքա՛ն հրասայլեր ու զրահապատ մեքենաներ արդէն կուտակած է Աֆրինի հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ, սակայն կը նշուի, որ թրքական կողմը նոյն ձեւով ծանր հրասայլեր ու զրահապատ մեքենաներ կը տեղափոխէ Իտլիպի ուղղութեամբ:

Նուրի Մահմուտ նաեւ յայտարարած է, որ Թուրքիա այս հարցին մէջ «ուժ կը ստանայ» Ռուսիայէն:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին երէկ հաղորդեց, որ Քիլիս նահանգին մէջ գտնուող թրքական բանակի յաւելեալ ուժեր հասած են Սուրիոյ հետ սահման` աւելցնելով, որ անոնց շարքին են 11 զինուորական մեքենաներ, որոնցմէ չորսը բեռնաւորուած են թնդանօթներով:

Թրքական նշեալ ուժերու կարաւանը Քիլիսէն անցած է, եւ այդ ընթացքին ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուած են:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս երէկ յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ ապահովական մտավախութիւններուն վերաբերեալ բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրէ»` նշելով. «Քիւրտ զինեալներուն տրամադրուող զէնքերը պիտի վերադարձուին ՏԱՀԵՇ խմբաւորումի պարտութենէն ետք»:

«Ռաքքայի վերատիրացման ճակատամարտին մասնակցելիք ուժերուն 80 առ հարիւրը պիտի ըլլայ արաբական», ընդգծեց ան:

Միւս կողմէ, արեւմուտքցի պաշտօնատարներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ մայիսի կիսուն Ամմանի մէջ ընթացք առած ռուս-ամերիկեան-յորդանանեան բանակցութիւնները աւարտած են անցեալ շաբաթ: Բանակցութիւններուն շնորհիւ եռակողմ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացած է հարաւային Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիի սկզբունքներուն շուրջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+