​Մխիթարեան Մայրավանք – Սուրբ Ղազար. Մամլոյ Հաղորդագրութիւն Մխիթարեան Միաբանութեան Դիւանէն - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

21 Haziran 2017  

​Մխիթարեան Մայրավանք – Սուրբ Ղազար. Մամլոյ Հաղորդագրութիւն Մխիթարեան Միաբանութեան Դիւանէն -

​Մխիթարեան Մայրավանք – Սուրբ Ղազար. Մամլոյ Հաղորդագրութիւն Մխիթարեան Միաբանութեան Դիւանէն ​Մխիթարեան Մայրավանք – Սուրբ Ղազար. Մամլոյ Հաղորդագրութիւն Մխիթարեան Միաբանութեան Դիւանէն

Դիւանիս 31 մայիս 2016 թուակիր հաղորդագրութեամբ տեղեակ պահեր էինք պատուական հասարակութիւնը, որ վերջին տասնամեակներու ընթացքին Մխիթարեան միաբանութեան դիմագրաւած տնտեսական եւ այլ կարգ մը հարցերուն առնչութեամբ, իբրեւ նեցուկ եւ օժանդակ նման հարցերու լուծման համար Հռոմի Ս. Աթոռին կողմէ կարգուած էին հերթաբար, 1977-էն սկսեալ, մասնաւոր խորհրդականներ եւ գործակատարներ` «այցելու» տիտղոսով եւ տարբեր իրաւասութիւններով օժտուած: Այս անձերը, ծանօթ` իրենց վարչական, գիտական, հոգեւոր կամ մշակութային գործունէութեամբ, յաճախ նաեւ` միջազգային գետնի վրայ, ոչ հայ կրօնաւորներ էին, եկեղեցական տարբեր աստիճաններով:

Դժբախտաբար այդ հերթական «այցելութիւն»-ներէն չէին քաղուած ակնկալուած վերջնական արդիւնքները: Ի տես այս իրադրութեան, 30 ապրիլ 2016 թուակիր վճռագրով, Ֆրանչեսկոս պապը Մխիթարեան միաբանութեան համար պապական պատուիրակ կը նշանակէր, լիազօր իրաւասութիւններով, Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեանը: Պատուիրակի իրաւասութիւնները լրիւ ի զօրու կը դառնային, ստորագրութեան իրաւունքով, նաեւ քաղաքական ատեաններու առջեւ, 1 յունիս 2016 թուականէն սկսեալ:

Հիմնական հարցերը, որոնք կը ծառանային միաբանութեան առջեւ, զարգացող սրածութեամբ, անցեալ տասնամեակներու ընթացքին, կարելի է վերածել խորքին մէջ հետեւեալ երեք կէտերուն.

Ա) Կրօնաւորական եւ քահանայական կոչումներու նուազումը, որ երաշխիքը կը կազմէ գոյատեւման:

Բ) Տնտեսական հարցը` բնորոշուած յատկապէս բարձր պարտքերով:

Գ) Միաբանական մէկէ աւելի անշարժ գոյքերու անպտղաբեր եւ տակաւ վատթարացող վիճակը, հետեւանք` նաեւ նիւթական հնարաւորութիւններու եւ անձնակազմի պակասի:

Հարկ է ընդունիլ, որ առաջին կէտը համընդհանուր երեւոյթ է, յատկապէս` արեւմտեան երկիրներու համակարգերուն մէջ, որ ուժգնօրէն ազդած է նաեւ Միջին Արեւելքի վրայ` աւանդաբար գլխաւոր ծաղկանոցը Մխիթարեաններու եւ ողբերգականօրէն թիրախը` շուրջ կէս դարէ ի վեր քաղաքացիական աւերիչ պատերազմներու: Այս ուղղութեամբ կը մշակուին արդէն ծրագիրներ` թէ՛ ի տես կոչումներու հնարաւոր բազմացման եւ թէ՛ յատկապէս կանոնական եւ իրաւական միջոցներու գոյացման` պահպանելու համար յստակօրէն լրիւ եւ վճռականօրէն միաբանութեան հայեցի եւ մխիթարեան ինքնութիւնը, նաեւ` որեւէ անակնկալ հաւանականութեան պարագային:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ կէտին, անցնող տասը ամիսներու ընթացքին տեղի ունեցած է պարտքերու նուազում մը` թէ՛ որոշ նուիրատուութիւններու շնորհիւ եւ թէ՛ վաճառումովը երկար ժամանակէ ի վեր լքուած ու ներկայ միջոցներով շահագործումը անկարելի դարձած ինչ-ինչ դատարկ տարածքներու:

Լեւոն արք.ի նշանակումէն քիչ ժամանակ առաջ բաւական շփոթ ստեղծեր էր Լիբանանի Հազմիէ թաղամասին մէջ գտնուող Մխիթարեան կալուածին վաճառման ծրագիրը, ուր կը գործէ նաեւ համեստ դպրոց մը: Լեւոն արք. Զէքիեան, հազիւ նշանակուած, միաբանակիցներուն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ բացարձակապէս չեն վաճառուիր`

ա) Հաստատակարգային գոյքերը (օր. Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան եւ Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանները. անշուշտ բոլորովին աւելորդ իսկ է նոյն հաստատումը ընել Ս. Ղազարու մայրավանքին եւ Վիեննայի մենաստանին նկատմամբ, քանի որ ասոնց բացարձակ անձեռնմխելիութիւնը գրաւականը եւ խորհրդանիշն է միանգամայն միաբանութեան գոյատեւման),

բ) Հազմիէն:

Ներկայ հաղորդագրութեան նպատակն է որոշ տեղեկութիւններ հաղորդել հանրութեան` ներկայիս մշակուած ծրագիրներու մասին` փարատելու համար նաեւ կարգ մը պատահական թիւրիմացութիւններ:

Ա) Մուրատ-Ռափայէլեան եւ Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարաններ

Երկու մեծագին կալուածներ, որոնք աւելի քան մէկուկէս դար ծառայած են իբրեւ ամենաբարձր մակարդակի կրթարաններ` լոյս եւ սնունդ ջամբելով հայ ընտրանի մանկտիին, եւ յատկապէս առաջինը, ամէնէն բախտորոշ դերը կատարած են Հայ Զարթօնքի շարժումին ծլարձակման եւ ծաւալման մէջ հանուր հայ գաղթօճախներու եւ մայր երկրի տարածքին: Այդ կալուածները բաւական ժամանակէ ի վեր կը գտնուին համեմատաբար անբարօր պայմաններու մէջ, մերթ ենթակայ նաեւ վթարային վտանգներու:

Այս կալուածներուն ժամ առաջ, պատմական շէնքերու վերանորոգման միջազգային չափանիշերու համաձայն, գործածութեան վերստացման եւ հայ ժողովուրդի ծոցին մէջ իրենց պատմական մշակութային վիթխարի դերին վերարծարծման պահանջը այսօր անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է:

Ներկայիս միաբանութիւնը կը գտնուի բանակցութիւններու մէջ` տնտեսապէս կարող եւ ծանօթ կազմակերպութիւններու հետ, սա հիմնական բնաբանով, որ այդ կալուածներուն մէկ մասը վերանորոգուի, ըստ պատշաճի, որպէս հասութաբեր գոյք, ու եկած հասոյթին մէկ մասով, որ վճարուի Միաբանութեան` իբրեւ տարեկան վարձակալութիւն, ծաւալին մշակութային, գիտական, կրթական համակարգուած նախաձեռնութիւններ կալուածի այն մասին մէջ, որ, ըստ պայմանագրութեան, յատկացուած պիտի ըլլայ լոկ միաբանական գործածութեան` ի տես սոյն նախաձեռնութիւններու մշակման:

Ծանօթ է, որ մեր նախնիք, գրեթէ միշտ, իրենց կառուցած եկեղեցիները եւ ուսումնարանները օժտած են հասութաբեր կալուածներով, որպէսզի ի վիճակի ըլլային ծաւալել իրենց կրօնական եւ մշակութային գործունէութիւնը: Նոյնինքն Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը ունեցած է հասութաբեր բազմաթիւ կալուածներ Փատովա քաղաքի եւ Վենեթօ նահանգի այլ վայրերուն մէջ, որով դար մը եւ աւելի հնարաւորութիւն ընձեռած են նոյնիսկ անվճար դաստիարակելու անհամար հայ սերունդներ: Այդ կալուածները դժբախտաբար վաճառուած են Ի. դարու եօթանասնական թուականներէն սկսեալ` թողլով հաստատութիւնը առանց մնայուն եկամուտի:

Նախատեսուած ծախսը բարւոք վերանորոգման համար կը հասնի բարձր գումարներու: Իսկ տարեկան վարձակալութեան իբրեւ նուազագոյն սահման կը նախատեսուի գումար մը, որ արտօնէ միաբանութեան, այս եւ նման կալուածներու հասոյթներով, ո՛չ միայն ծաւալել հայ ժողովուրդի ժամանակակից կարիքներուն համապատասխան գործունէութիւններ, այլ նաեւ կարենայ ըստ արժանւոյն պահպանել այն վիթխարի մշակութային ժառանգութիւնը` ձեռագրեր, նկարներ, հնատիպ գրքեր, հնադրոշմ կահոյք եւ առարկաներ, եւ այլն, որոնք նաեւ կը կազմեն հայ ժողովուրդին հարստութիւնը:

Ներկայիս կ՛ուզենք յայտարարել միանգամայն, որ առաջարկներ, ինչպէս վերեւ յիշուածները, զորս կրնան ներկայացնել հայ կամ այլ ընկերութիւններ եւ անհատներ, նկատի պիտի առնուին ամենայն լրջութեամբ, կը կրկնենք, ըստ վերանորոգման միջազգային լաւագոյն չափանիշներու եւ վարձակալութեան օրինական պայմաններու, համաձայն` միաբանական ծրագրին, պահելու եւ զարգացնելու համար կալուածներուն տարամերժօրէն մշակոյթի յատկացուած անձեռնմխելի բաժինները:

Նկատի առած իրադրութեան հարկադրիչ հանգամանքները եւ գործնական քայլերու համար անհրաժեշտ ստուգումներու, արտօնութիւններու եւ տնօրինումներու երկար գործընթացը, առաջարկներու իբրեւ պայմանաժամ կը հաստատուի 30 յունիս 2017 թուականը: Կը խնդրուի բոլորէն, որ հարցին մօտենան գործնականօրէն, առանց մնալու կաղապարուած, հռետորական բանաձեւերու մէջ կամ կրկնելով բազմատասնամեայ յանկերգներ, որոնք կը մնան անխուսափելիօրէն ամլութեան սահմաններուն մէջ, ինչպէս կը տեսնուի նաեւ մերձաւոր պատմութենէն եւ առօրեայէն:

Բ) Հազմիէ

Հազմիէի կալուածը կը վայելէ արդէն Միջին Արեւելքի չափանիշով ծանօթ հայ գործակալութեան մը արհեստավարժ հոգատարութիւնը: Նպատակն է այնտեղ գործող դպրոցը փոխադրել Ռաուտա` յետ այստեղի կալուածին վերանորոգման, իսկ պահել Հազմիէն որպէս նորաշէն հասութաբեր կալուած` ի նպաստ գլխաւորաբար միաբանութեան Միջին Արեւելքի մէջ գործունէութեան:

Այս հաղորդագրութիւնը կը հրապարակուի ի գիտութիւն եւ ի լուսաբանութիւն մեր ժողովուրդին եւ բոլոր բարեացակամ, հայ մշակոյթով եւ Մխիթարեան միաբանութեան բարիքով հետաքրքրուած անձերուն եւ խումբերուն:

ԴԻՒԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ

Վենետիկ, Ս. Ղազար մայրավանք
Ապրիլ 2

19.06.2017 Aztag






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+