​Քուէյթ. «Քաթար Պատրաստ Է Լսելու Իր Դրացիներուն Մտահոգութիւնները». Իրան Սննդեղէնով Բեռնաւորուած Հինգ - Հայերէն
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

12 Haziran 2017  

​Քուէյթ. «Քաթար Պատրաստ Է Լսելու Իր Դրացիներուն Մտահոգութիւնները». Իրան Սննդեղէնով Բեռնաւորուած Հինգ -

​Քուէյթ. «Քաթար Պատրաստ Է Լսելու Իր Դրացիներուն Մտահոգութիւնները». Իրան Սննդեղէնով Բեռնաւորուած Հինգ ​Քուէյթ. «Քաթար Պատրաստ Է Լսելու Իր Դրացիներուն Մտահոգութիւնները». Իրան Սննդեղէնով Բեռնաւորուած Հինգ Օդանաւեր Կ՛ուղարկէ Քաթար

Իրան սննդեղէնով բեռնաւորուած հինգ օդանաւեր ուղարկեց շրջանային շրջափակումի ենթարկուած Քաթար:

Շրջանային շարք մը երկիրներ, ներառեալ` Սէուտական Արաբիան, անցեալ շաբաթ խզեցին Քաթարի հետ յարաբերութիւնները` զայն ամբաստանելով ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման յանցանքով: Քաթար կը մերժէ ամբաստանութիւնը: Սէուտական Արաբիոյ հետ սահմանը, ուրկէ մուտք կը գործէ Քաթարի սննդեղէնի կարիքներուն 40 առ հարիւրը, փակուած է:

Իրանեան օդանաւային ընկերութեան բանբեր Շահրոխ Նուշապատի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր օդանաւ փոխադրած է 90 թոն սննդեղէն, ներառեալ` պտուղներ ու բանջարեղէն:

«Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, որ յստակ չէ, եթէ նշեալ սննդեղէնը օժանդակութի՞ւն է, թէ՞ դրամով գնուած:

Նուշապատի ըսաւ, որ սննդեղէնի մատակարարումները պիտի շարունակուին, «այնքան ատեն որ անոնց պահանջը կայ»: «Իրան Էր» Շիրազի օդակայանին մէջ օդանաւի մը բեռնաւորման լուսանկարը զետեղեց «Թուիթըր»-ի վրայ: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը, նաեւ հաղորդեց, որ 350 թոն սննդեղէնով բեռնաւորուած իրանեան երեք նաւեր իրենց կարգին շուտով պիտի ուղղուին Քաթար:

Իրան նաեւ իր օդային տարածքը բացած է քաթարեան թռիչքներուն առջեւ` նկատի ունենալով, որ Սէուտական Արաբիա, Պահրէյն եւ Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ փակած են իրենց օդային տարածքները:

Միւս կողմէ, Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Սապահ Խալետ Սապահ երէկ յայտնեց, որ Քաթար պատրաստ է «ըմբռնելու իր եղբայրներուն դժգոհութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն իրական ըլլալը եւ ընդունելու ապահովութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու ազնիւ ջանքերը»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Կարկաշ` անդրադառնալով քուէյթցի իր պաշտօնակիցի յայտարարութեան, «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ասիկա իմաստութեան եւ խոհեմութեան սկի՞զբն է: Յուսամ»:

Մինչ այդ, Քաթար յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ, Պահրէյնի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն պիտի չհակադարձէ նոյնպիսի քայլերով: Վերջիններս բոլոր քաթարցիներուն կոչ ուղղած էին 14 օրուան ընթացքին հեռանալու իրենց երկիրներէն:

Նշեալ երեք երկիրներէն շուրջ 11 հազար քաղաքացիներ կը բնակին Քաթարի մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+