Վարչապետը Հրաժարական Տալու Մտադրութիւն Չունի -
Վարչապետը Հրաժարական Տալու Մտադրութիւն Չունի
Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին վստահեցուցած է, որ հրաժարականի դիմում ներկայացնելու մտադրութիւն չունի:
Լրագրողի մը հարցումին, թէ ինչ յարաբերութիւններ ունի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, Կարէն Կարապետեան պատասխանած է. «Շատ լաւ, աշխատանքային, յարգալից, գործնական»:
Դիտարկման, թէ իր հրաժարականի մասին լուրերը ինչո՛ւ ծագեցան, վարչապետը ըսած է, որ չի կրնար ըսել, թէ ինչու համար տարածուած են իր հրաժարականի մասին լուրերը:
Անդրադառնալով մամուլի մէջ շրջանառուող լուրերուն, թէ իր եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ հակասութիւններ կան, Կարէն Կարապետեան պատասխանած է. «Ես այդ հարցին արդէն պատասխանած են։ Ատիկա ճիշդ չէ»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com