​Ին՞չ Դեր Կատարած է Կայսերական Գերմանիան Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

09 Haziran 2017  

​Ին՞չ Դեր Կատարած է Կայսերական Գերմանիան Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ -

​Ին՞չ Դեր Կատարած է Կայսերական Գերմանիան Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ ​Ին՞չ Դեր Կատարած է Կայսերական Գերմանիան Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ

Պեռլինի Հենրիխ Պէոլի անուան հիմնադրամին մէջ կայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ կայսերական Գերմանիոյ դերակատարման նուիրուած գիտական յօդուածներու հաւաքածուի շնորհանդէսը, կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով DW-ը:

Այս թեման արդիական դարձած է, երբ Պունտեսթակը մէկ տարի առաջ ընդունած է բանաձեւ, որով առաջին անգամ ու պետական մակարդակի վրայ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այդ բանաձեւը հաճելի չէր Թուրքիոյ ու դարձած էր գերմանա-թրքական յարաբերութիւններու կտրուկ սառեցման պատճառներէն մէկը:

Ի՞նչ գիտէին Պեռլինի մէջ 1915-ին

Կը պարզուի, Պեռլինի մէջ 1915-ին շատ բան գիտէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւններու ու աքսորի մասին: Պատմական Քրիսթին Պշիխխոլցը Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւին մէջ գտած է ապացոյց, որ կայսերական Գերմանիոյ կառավարութիւնը ոչ միայն հոյակապ տեղեկացուած էր այդ իրադարձութիւններու մասին, այլեւ կը հասկնար, որ Օսմանեան կայսրութենէն հայերու աքսորի ռազմական անհրաժեշտութեան մասին երիտթուրքերու վստահեցումները անհիմն են:

Գերմանիան, կը պատմէ Պշիխհոլցը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ունէր հիւպատոսական հաստատութիւններու մեծ ցանց, որու աշխատակիցները Պեռլինին կը զեկուցէին հայերու դրութեան մասին: Ի դէպ՝ ոչ միայն Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, այլ ատկէ առաջ: Այնպէս որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը գիտէր, թէ ինչ բարդ դրութեան մէջ էր հայ բնակչութիւնը ու որքան պայթիւնավտանգ էր իրավիճակը:

Հաւաքածուի շնորհանդէսի ժամանակ Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտութեան գերմանական կեդրոնի ղեկավար Ռոլֆ Հոսֆելդը մէջբերած էր զեկոյց մը, որ 1915-ի Յուլիս 7-ին Կ․Պոլիսէն Պեռլին ուղարկած էր գերմանացի դեսպանը: Դիւանագէտը կը գրէր, որ թրքական իշխանութիւններու նպատակն է հայ ցեղի ոչնչացումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Նոյնատիպ գնահատականներ կանոնաւոր տրուած են նաեւ յետագայ զեկոյցներու մէջ:

Գերմանացի դիւանագէտները, անոր խօսքով, բաւական ճշգրիտ նկարագրած են այն, ինչ յետագային կոչուեցաւ ցեղասպանութիւն: Նոյնիսկ ռազմատենչ Գերմանիոյ մէջ, Հոսֆելդի խօսքով, չէին համարեր, որ այդ միջոցառումները ռազմական իմաստ ունին:

Պեռլինը անգործ չէ մնացած

Վերոնշեալ բանաձեւին մէջ գերմանացի խորհրդարանականները ոչ միայն 1915-1916 թուականները Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած զանգուածային կոտորածները Ցեղասպանութիւն կոչած են, այլեւ նշած ատոր համար Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը, որ այն ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցն էր:

Պատգամաւորները համարած են, որ Պեռլին ոչինչ ձեռնարկած է, հայերու աքսորն ու սպանութիւնները դադրեցնելու համար: Սակայն պատմաբանները պարզած են, որ ատոր այդպէս չէ: Կամ ալ այդքան ալ այդպէս չէ: Քրիսթին Պշիխխոլցը կ՛ընդունի, որ Պեռլին այդ ժամանակ կը համարէր, որ Գերմանիան ու Օսմանեան կայսրութիւնը համատեղ կը պայքարին Դաշնակից ուժերու դէմ ու ատոր համար ալ աշխոյժ չէր հակազդեր հայերու նկատմամբ բռնութիւններուն: Բայցեւայնպէս գերմանացի դիւանագէտներն ու զինուորականները որոշ քայլեր ձեռնարկած էին:

Օրինակ սպաներէն քանի մը հոգի կրցած էին խոչընդոտել խումբ մը հայերու աքսորը, իսկ որոշ զինուորներ անոնց օգնած են, գումար փոխանցած, որ փախչին: Եղած են նաեւ սպանութիւնները կանխելու դիւանագիտական փորձեր, կը պատմէ ան, գերմանացի դիւանագէտները իրենց վրդովմունքը յայտնած են իրենց ազդարարող նամակներով, բայց ապարդիւն:

Հայերու հետապնդումներուն դէմ Գերմանիոյ կառավարութեան ու դեսպանատան բազմաթիւ բողոքներուն միայն մէկ պատասխան ստացած են: 1915-ի Դեկտեմբերին, կը պատմէ Ռոլֆ Հոսֆելդը, Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը Գերմանիոյ պաշտօնապէս յայտնած էր իր ներքին գործերուն միջամտելու անթոյլատրելիութեան մասին: «Մի կարծէք, թէ 1915-ին Օսմանեան կայսրութիւնը գերմանական կիսագաղութի պէս բան մը էր»,- կ՛ըսէ Հոսֆելդը:

Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Հոլոքոսթը

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Գերմանիոյ մէջ սկսան մոռնալ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, բայց յետոյ ատոր մասին յիշեցին ուժ հաւաքած ազգային ընկերվարականները: Իրենց թերթերու ու ամսագիրներու էջերուն անոնք սկսան ոչ թէ հերքել ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ զայն ներկայացնել որպէս ազգաբնակչութեան ժամանակակից քաղաքականութեան թոյլատրելի մեթոդ: Այս թեմայով յօդուած մը գտած են նացիստական ամսագրին մէջ, որ թողարկուած էր դեռ 1923-էն ալ առաջ:

«Հիթլերի պատկերացումով` Հայոց Ցեղասպանութեան գաղափարակիր Էնվեր փաշան մէկն էր, որ մաքրած էր ազգը,- կը բացատրէ Հոսֆելդը,- Էթնիկ զտման ու ատոր բնորոշ բռնութիւններու այդ գաղափարը սկիզբէն եղած է ազգային ընկերվարականներու գաղափարախօսութեան մէկ մասը»: Ըստ պատմաբանին` հայերու զանգուածային ոչնչացումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հիթլերը դրդած էր այն մտքին, որ նման մեթոդը կիրառելի է նաեւ Գերմանիոյ մէջ` հրէաներու նկատմամբ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+