Զարիֆ Թուրքիայէն Կը Պատասխանէ Թրամփին. «Թեհրանի Մէջ Կատարուած Յարձակումներուն Հակազդեցութիւնդ Գարշե -
Զարիֆ Թուրքիայէն Կը Պատասխանէ Թրամփին. «Թեհրանի Մէջ Կատարուած Յարձակումներուն Հակազդեցութիւնդ Գարշելի Է
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին հակադարձելով յայտնեց, որ վերջինիս Թեհրանի մէջ կատարուած յարձակումներուն հակազդեցութիւնը «գարշելի» է: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին»:
Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Սպիտակ տան գարշելի յայտարարութիւն… իրանցի ժողովուրդը կը մերժէ ամերիկեան բարեկամութեան այս պնդումը»:
«Ահաբեկչութեան աջակցողները ժողովրդավարութեան նստավայրին դէմ յարձակում գործած իրենց վարձկաններուն ճամբով կը սպառնան ճակատամարտը փոխադրել Իրան», աւելցուց ան: Ան ըսաւ, որ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական դէպքերը «պիտի զօրացնեն ահաբեկչութեան վտանգին դէմ պայքարելու իրանցի ժողովուրդին ու զինեալ ուժերուն կամքը»:
Թրամփ չորեքշաբթի օր Թեհրանի մէջ կատարուած յարձակումներուն վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշած էր, թէ «անոնք, որոնք ահաբեկչութեան կ՛աջակցին, իրենք զիրենք անոր զոհերը ըլլալու վտանգին կ՛ենթարկեն»` աւելցնելով.«Կ՛աղօթեմ իրանցի ժողովուրդին եւ անմեղ զոհերուն համար»:
«Մայատին» կը նշէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը վերոնշեալ գրառումը կատարեց չորեքշաբթի օր Անգարայի մէջ` Թուրքիոյ նախագահին հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք, որուն ընթացքին երկու կողմերը քննարկած էին հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Զարիֆ Թուրքիա հասնելէ ետք յայտարարած էր, որ Էրտողանի եւ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ պիտի քննարկէ երկկողմանի հարցեր, շրջանային զարգացումները, ներառեալ` Սուրիոյ տագնապը, ինչպէս նաեւ շրջանին վերաբերող մնացեալ հարցերը: Ան Միջին Արեւելքի հարցերը նկատեց «մտահոգիչ»:
Զարիֆ ըսաւ, որ այդ հարցերուն շուրջ իրանցի եւ թուրք ղեկավարներուն միջեւ սերտ երկխօսութեան կարիքը կայ` նշելով. «Շրջանին մէջ արձանագրուող ահաբեկչական դէպքերը անոնց դիմակայման համար լիարժէք համագործակցութիւն կը պահանջեն»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com