​Անգարա Ճիշդ Չի Նկատեր Քաթարի Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

08 Haziran 2017  

​Անգարա Ճիշդ Չի Նկատեր Քաթարի Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը -

​Անգարա Ճիշդ Չի Նկատեր Քաթարի Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը ​Անգարա Ճիշդ Չի Նկատեր Քաթարի Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը

«Թուրքիա Պիտի Շարունակէ Քաթարի Հետ Յարաբերութիւններ Զարգացնել» Կ՛ըսէ Էրտողան

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ Քաթարի հետ յարաբերութիւններ զարգացնել: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Ըստ Էրտողանի, Անգարա ճիշդ չի նկատեր Քաթարի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու որոշումը: Ան աջակցած է ստեղծուած կացութեան մէջ Քաթարի դիրքորոշումին` աւելցնելով, որ Թուրքիա պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը, որ ներկայ դրութիւնը կարելի եղածին չափ արագ կարգաւորուի երկխօսութեան ճամբով:

Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եմէնը, Լիպիան, Մալտիւեան կղզիները, Մորիսիոսը եւ Պահրէյնը խզած են Քաթարի հետ իրենց դիւանագիտական կապերը:

«Քաթար կ՛աջակցի բազմաթիւ ահաբեկչական եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու, որոնց նպատակը շրջանային կայունութեան խախտումն է: Այդ երկիրը իր լրատուամիջոցներուն ճամբով անընդհատ կ՛իրականացնէ այդ խմբաւորումներու գաղափարախօսութեան քարոզչութիւնը», նշուած է սէուտական լրատու գործակալութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Քաթարեան աղբիւրներ երէկ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ իշխանութիւնները սննդեղէնի ապահովման համար բանակցութիւններու սկսած են Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+