Անգարա Ճիշդ Չի Նկատեր Քաթարի Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը -
Անգարա Ճիշդ Չի Նկատեր Քաթարի Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը
«Թուրքիա Պիտի Շարունակէ Քաթարի Հետ Յարաբերութիւններ Զարգացնել» Կ՛ըսէ Էրտողան
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ Քաթարի հետ յարաբերութիւններ զարգացնել: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Ըստ Էրտողանի, Անգարա ճիշդ չի նկատեր Քաթարի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու որոշումը: Ան աջակցած է ստեղծուած կացութեան մէջ Քաթարի դիրքորոշումին` աւելցնելով, որ Թուրքիա պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը, որ ներկայ դրութիւնը կարելի եղածին չափ արագ կարգաւորուի երկխօսութեան ճամբով:
Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եմէնը, Լիպիան, Մալտիւեան կղզիները, Մորիսիոսը եւ Պահրէյնը խզած են Քաթարի հետ իրենց դիւանագիտական կապերը:
«Քաթար կ՛աջակցի բազմաթիւ ահաբեկչական եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու, որոնց նպատակը շրջանային կայունութեան խախտումն է: Այդ երկիրը իր լրատուամիջոցներուն ճամբով անընդհատ կ՛իրականացնէ այդ խմբաւորումներու գաղափարախօսութեան քարոզչութիւնը», նշուած է սէուտական լրատու գործակալութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Քաթարեան աղբիւրներ երէկ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ իշխանութիւնները սննդեղէնի ապահովման համար բանակցութիւններու սկսած են Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com