Բոլոր Հնարաւոր Միջոցներով Պիտի Աջակցինք Հողի Վրայ Պինդ Կանգնողներուն. Սերժ Սարգսեան -
Բոլոր Հնարաւոր Միջոցներով Պիտի Աջակցինք Հողի Վրայ Պինդ Կանգնողներուն. Սերժ Սարգսեան
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ըսած է, որ բոլոր հնարաւոր միջոցներով կառավարութիւնը պիտի աջակցի, «ամուր թիկունք պիտի ապահովէ հողի վրայ պինդ կանգնողներուն` համայնք առ համայնք, ընտանիք առ ընտանիք»:
Այս մասին նախագահը նշած է Կողբի զօրամաս կատարած այցի ընթացքին, ուր հանդիպում ունեցած է սահմանամերձ համայնքներու համակարգման ենթակայ հարցերու լուծման նպատակով ստեղծուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդամներուն հետ:
«Մեր հանրապետութեան բոլոր բնակավայրերուն մէջ խնդիրներ կան, եւ ակնյայտ է, որ ատոնցմէ շատերը միանման են: Ատոնք նոյնաձեւ լուծումներ կը պահանջեն, բայց հիմնական խնդիրներէն մէկը մեր սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ եղած հարցերու լուծումն է, որովհետեւ այդ խնդիրներուն կը գումարուին մշտապէս տեղի ունեցող հրադադարի խախտումները, որոնք մէկ կողմէն` լարուածութիւն կը ստեղծեն, միւս կողմէն` յաւելեալ վնասներ կը պատճառեն մեզի: Այսինքն` յաւելեալ աշխատանքի անհրաժեշտութիւն կայ»,- ըսած է նախագահը:
Երկրի ղեկավարին խօսքով` պէտք է արդարացնել այն մարդոց ակնկալիքները, որոնք մնացած են հայրենիքի մէջ` ակնկալիքով, որ իրավիճակը պիտի փոխուի, եւ իշխանութիւնները շատ աւելի արդիւնաւէտ պիտի աշխատին:
Սերժ Սարգսեան զօրամասին մէջ ծանօթացած է նաեւ մարտական պատրաստականութեան եւ նուէրներով խրախուսած ծառայութեան ընթացքին աշխոյժ զինծառայողները:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com