Մեծարման Հանդիսութիւն -
Մեծարման Հանդիսութիւն
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանը շաբաթավերջին մեծարանքի հանդիսութիւնով մը պատուեց յայտնի մտաւորական Երուանդ Պարէտ Մանոքը։ Այս վերջինը Վենետիկի մէջ «Պո-Արաքս» մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամառնային հայերէնի խտացեալ դասընթացքներուն որպէս ուսուցիչ մասնակցութիւն կը բերէ երեսուն տարիէ ի վեր։ Ծանօթ է, որ այդ դասընթացքը հաստատած է ու ցայսօր կը գլխաւորէ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Ուստի, Զէքիեան Գերապայծառ փափաքած էր արժեւորել Մանոքի վաստակը։
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Օսման Քավալա, որմէ վերջ արտայայտուեցան՝ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, Ճանան Թորլաք, Թամար Մանկասար եւ Ֆրատ Կիւլլիւ, որոնք Վենետիկի մէջ աշակերտած են Մանոքին։ Զէքիեան Գերապայծառն ալ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ մեծարեալին մասին եւ յանձնեց օրհնութեան գիր մը։ Իր կարգին Մանոքն ալ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Զէքիեան Գերապայծառի օրհնութեան գիրի գրաբար, աշխարհաբար եւ թրքերէն տարբերակները ընթերցեցին՝ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Տ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան եւ Նարօտ Մինասեան։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը շնորհաւորեցին Մանոքը։
Bu haber Jamanak kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(Jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com