​Յայտարարութիւն - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

25 Mayıs 2017  

​Յայտարարութիւն -

​Յայտարարութիւն ​Յայտարարութիւն

Մերազն համայնքի սիրեցեալ բարեպաշտ զաւակներ,

Մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռի առկայ անելը Ձեզի ծանօթ է բոլոր մանրամասնութիւննե-րով։ 15 Մարտ 2017 թուականին տեղի ունացած Եկեղեցական համագումար ժողովէն վերջ Իս-թանպուլի կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնագիրը ակամայ ընդ-հատած էր պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու գործընթացին բնականոն երթը։ Այդ պաշ-տօնագրի տրամադրութիւններուն հիման վրայ անցեալ ժամանակաշրջանին շարունակեցինք մեր գործունէութիւնը՝ որպէս ընդհանուր փոխանորդ։

Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Ռ. Թ. Էրտողան ներկայ տարեմուտին մեր հա-մայնքին փոխանցած էր իր պատգամը՝ որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան համար սպա-սենք մինչեւ 16 Ապրիլ 2017 թուականին տեղի ունացած հանրաքուէին։ Ընթացքին դժուար թէ նոր կարգադրութիւն մը ըլլար պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։ Մենք ընդհանուր փոխանորդի մեր պաշտօնը տեւականացուցինք՝ հաշուի առնելով, ըստ էութեան, երկու հանգամանք։ Առաջինը այն էր, որ յաչս պետութեան Պատրիարքական Աթոռը անտէր ու անգլուխ չէր կրնար մնալ։ Երկ-րորդ պարագան այն էր, որ առանց պետութեան հետ ներդաշնակութեան չէինք կրնար գործնա-կանօրէն ձեռնարկել պատրիարքական ընտրութեան։ Այս երկու ստիպողական պարագաները հա-շուի առնելով՝ ցայսօր սպասեցինք, որպէսզի մեր Պատրիարքութեան կայունութիւնը չենթարկուի վտանգի եւ այս ճանապարհին յանձն առինք բազում զոհողութիւններ, դիմադրեցինք բողոքներու, մանաւանդ մեզի դէմ դիտումնաւոր կազմակերպուած մաշեցուցիչ արշաւներու։ Այդ բոլորը անտե-սեցինք՝ Պատրիարքական Աթոռի գերագոյն եւ անսակարկելի շահերը գերադասելով։ Հաւատարիմ մնացինք նաեւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնաց՝ հակառակ այն պնդումներուն, թէ արհա-մարհած ենք զանոնք։

Ներկայիս աւելի քան ամիս մը անցած է այն հանրաքուէէն ի վեր, որ գործնականին մէջ ժամկէ-տային սահմանի մը վերածուած էր պատրիարքական ընտրութեան համար։ Այս ժամանակաշրջա-նին շարունակած ենք մեր ջանքերը՝ ընտրութեան յարմար գետին պատրաստելու, այս ուղղու-թեամբ նուազագոյն երաշխիքներ ունենալու համար։ Մեր համոզումը այն է, որ այս պահուն այլեւս ունինք տարրական պայմաններ, յարմար գետին մը եւ այս բոլորով կրնանք կեդրոնանալ պատ-րիարքական ընտրութեան գործընթացը յառաջ մղելու նպատակին վրայ։

Զանազան առիթներով յայտնած ենք, որ ճանչցած ենք ու կը ճանչնանք մեր հոգեւորականաց դա-սու երիցագոյն անդամ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի հանգամանքը՝ որպէս տեղապահ։ Ընթացքին որոշ շրջանակներու տխուր ջանքերով ստեղծուած է այն թիւր տպաւորու-թիւնը, թէ մեր երկուքին միջեւ կան պայքար, մրցակցութիւն եւ հակադրութիւն։ Պէտք է խոստովա-նինք նաեւ, որ իրերամերժ բարդ հաւասարակշռութիւններու ազդեցութիւնով մեր վարած պարտա-կանութիւնը ակամայ մեզ սահմանափակած է՝ այդ թիւր տպաւորութիւնները կանխելու ճանա-պարհին։

Այս յայտարարութիւնով կու գանք ուղղակիօրէն տեղեկացնել, որ մեր կողմէ արդէն հրաւէր-նա-մակ մը ուղղուած է Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանին։ Համազուած ենք, որ բա-ւարար շաբաթներ բոլորած ենք՝ որպէս միջանկեալ ժամանակաշրջան։ Մեր համայնքը ունի անհ-րաժեշտ ազդանշանները՝ պատրիարքական ընտրութեան աշխատանքներուն սկսելու համար։ Ուստի, Նորին Սրբազնութիւնը եղբայրաբար հրաւիրած ենք Պոլիս՝ որպէսզի այլեւս ժամ առաջ կազմուի նախաձեռնարկ մարմին մը եւ ինքն ալ՝ որպէս տեղապահ, գլխաւորէ նախընտրական գործընթացը։ Այս քայլը առնելու համար պէտք է սպասէինք ճի՛շդ տեղին ու ճի՛շդ ժամանակին։ Նպատակայարմար պահը այժմ հասած է արդէն։

Երբ որ վերահասու դառնանք իր ժամանման թուականին ու ժամուն, ապա մենք այստեղ պատ-շաճ կարգադրութիւններ պիտի ընենք օդակայանէն իր դիմաւորման, «Հրաշափառ»ի արարողու-թեամբ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի մուտքին եւ ուխտի կատարման համար։

Վստահ կրնաք ըլլալ, թէ յառաջիկայ շրջանին Տեղապահ Սրբազան Հայրը մեր անձին մէջ պիտի գտնէ անկեղծ ու պատրաստակամ հոգեւոր եղբայր մը, գործակից մը, որ Պատրիարքարանի լուծը վերջին շուրջ տասը տարիներուն կրած ըլլալու փորձառութեամբ միշտ իրեն պիտի զօրակցի՝ որ-պէսզի մեր Աթոռը այլեւս ժամ առաջ ունենայ իր նոր ազգընտիր գահակալը։ Վստահ ենք նաեւ, թէ մեր հոգեւորականաց դասն ու աշխարհական վարիչներն ալ պիտի համախմբուին Տեղապահ Սրբազան Հօր շուրջ՝ մեր աւանդութիւններուն յարիր ձեւով պատրիարքական ընտրութիւն մը փու-թով կազմակերպելու նպատակով։ Աստուծոյ կամքով ու ողորմութեամբ, միասնականութեամբ մենք կը յաջողինք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ պատմութեան այս փուլին մեզի վի-ճակած ծանր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ՝ մեր Աթոռն ու սիրեցեալ ժողովուրդը կ՚առաջնորդենք դէպի խաղաղ նաւահանգիստ ու մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը կը վերագտ-նէ իր բնականոն հունը։

Այս բոլորէն տեղեակ պահած ենք նաեւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ա-մենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, որ մեզմէ երբեք չի զլանար Իր աղօթքն ու օրհնութիւն-ները՝ որպէս գլուխն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։

Միշտ աղօթող կը մնանք մեր սիրելի հանգստեան կոչուած պատրիարքին՝ Ամենապատիւ Տ. Մես-րոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի համար։ Մենք նուիրական աւանդ մը կը համարենք իր կողմէ մեզի վստահուած լուսարարապետի պաշտօնը, զոր յառաջիկայ շրջանին պիտի շարունակենք վա-րել՝ զօրակցելով Տեղապահ Սրբազան Հօր։

Վերջին շուրջ տասը տարուան ընթացքին մեր ստանձնած առաքելութեան կենսագործման ճանա-պարհին մեզի համար միշտ զգալի եղած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդին բարոյական նեցուկն ու աղօթակցութիւնը։ Որքան որ ալ բոլորած ըլլանք ալեկոծեալ շրջան մը՝ կը փափաքինք ընդգծել, որ դառնութիւն կամ սրտնեղութիւն չունինք ոեւէ մէկուն դէմ եւ մեր համայնքի իւրաքանչիւր զաւկին նկատմամբ տոգորուած ենք սիրոյ, յարգանքի եւ հարազատութեան զգացումներով։ Մենք պատ-րաստ ենք թէ՛ Բարձրեալն Աստուծոյ եւ թէ պատմութեան դատաստանին ներկայանալու՝ մեր հա-մեստ հնարաւորութիւններու ներած չափով ծաւալած գործունէութեան համար։

Մեր կոչն է համախմբուիլ Տեղապահ Սրբազան Հօր շուրջ եւ ջանք ու եռանդ չխնայել՝ ժամ առաջ մեր Աթոռի նոր գահակալը ողջունելու ճանապարհին։ Իրեն այժմէն կը մաղթենք բարի գալուստ, յաջողութիւն, ուժ եւ կարողութիւն՝ ի պայծառութիւն եւ յանսասանութիւն մեր դարաւոր Պատրիար-քական Աթոռին։


Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ՝
ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ
Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017









Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+