«Արաբ Դրացիներու Մօտ Հետզհետէ Կ՛աճի Այն Գիտակցութիւնը, Թէ Իրանի Հարցով Իսրայէլի Հետ Հասարակաց Դատ Մ -
«Արաբ Դրացիներու Մօտ Հետզհետէ Կ՛աճի Այն Գիտակցութիւնը, Թէ Իրանի Հարցով Իսրայէլի Հետ Հասարակաց Դատ Մը Ունին» Ըսաւ Թրամփ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օդանաւը երէկ Ռիատէն ուղղակի թռիչք կատարելով էջք կատարեց Թել Աւիւ: Նշեալ թռիչքը իր տեսակին մէջ առաջինն էր: Թրամփ Թել Աւիւի մէջ յայտարարեց. «Հազուադէպ առիթ մը ունինք շրջանի ժողովուրդներուն խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերելու»:
Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յայտնեց, որ Իրան երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ: Ան ըսաւ, որ 2015-ին «Վեցեակ»-ին հետ հիւլէական ծրագիրի շուրջ ստորագրած համաձայնագիրէն ետք իրանցիք կարծեցին, որ կրնան «իրենց ուզածը ընել»:
Թրամփ վաղը կը մեկնի Հռոմ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ, ապա կ’ուղղուի Պրիւքսէլ հանդիպում ունենալու պելճիքացի պաշտօնատարներու հետ եւ մէկ օր ետք մասնակցելու ՕԹԱՆ-ի ժողովին:
Ուրբաթ օր ան կը մեկնի Սիկիլիա` մասնակցելու Եօթներու խմբակի անդամներու ժողովին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com