​Էրտողանի Հետ Հանդիպումէն Առաջ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Թուրքիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ ՔԱԿ-ի Դէմ Պայքարին - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

17 Mayıs 2017  

​Էրտողանի Հետ Հանդիպումէն Առաջ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Թուրքիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ ՔԱԿ-ի Դէմ Պայքարին -

​Էրտողանի Հետ Հանդիպումէն Առաջ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Թուրքիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ ՔԱԿ-ի Դէմ Պայքարին ​Էրտողանի Հետ Հանդիպումէն Առաջ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Թուրքիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ ՔԱԿ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ», Ըսաւ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Սպիտակ տան մէջ իրենց հանդիպումէն առաջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ը:

Թրամփ յայտնեց, որ իր երկիրը կ’աջակցի Թուրքիոյ` «ՏԱՀԵՇ-ի ու ՔԱԿ-ի նման ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարին եւ այն ջանքերուն, որ անոնք ապահով վայր մը չունենան»:

Թրամփ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս Թուրքիոյ կողմէ ապսպրուած ամերիկեան սպառազինութիւն պիտի մատակարարէ Թուրքիոյ` նշելով.«Սպառազինութիւնը ապսպրուած էր Թուրքիոյ եւ նախագահին (Էրտողանի «Ա.») կողմէ»:

Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ երկու երկիրները յանձնառու են պայքարելու անխտիր ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ, «որոնք մեր ապագան կ’ենթարկեն յստակ ու այժմէական վտանգի»:

«Մենք նկատի կ’ունենանք միացեալ քայլեր, զորս կրնանք առնել Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ», ըսաւ ան:

«Նախագահ Թրամփի վերջերս արձանագրած ընտրական յաղթանակը մեր շրջանին մէջ նոր ձգտումներ, ակնկալութիւններ եւ յոյսեր յառաջացուցած է, եւ գիտենք, որ ամերիկեան նոր վարչակազմին օժանդակութեամբ այդ յոյսերը ի դերեւ պիտի չելլեն», յայտարարեց Էրտողան:

«Վճռակամ ենք մեր յարաբերութիւնները ընդլայնելու, եւ կը հաւատամ, որ Միացեալ Նահանգներ տուած մեր այս պաշտօնական այցելութիւնը պատմական շրջադարձ մը պիտի ըլլայ», աւելցուց Թուրքիոյ նախագահը:

Թրամփ յայտնեց, որ մեծ պատիւ է Էրտողանը հիւրընկալել` աւելցնելով, որ իրենք պիտի ունենան երկար ու դժուար քննարկում մը, որ սակայն պիտի ըլլայ շատ յաջող եւ պիտի բարելաւէ երկու ղեկավարներուն միջեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հոյակապ յարաբերութիւնը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+