Կեդրոնականի 130-Ամեակը - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

15 Mayıs 2017  

Կեդրոնականի 130-Ամեակը -

Կեդրոնականի 130-Ամեակը Կեդրոնականի 130-Ամեակը

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 130-ա­մեա­կը շա­բա­թա­վեր­ջին յո­բե­լե­նա­կան ե­զա­կի ձեռ­նար­կով մը նշուե­ցաւ մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Պատ­մա­կան այս կրթօ­ճա­խի հաս­տատ­ման տա­րե­դար­ձին ձօ­նուե­ցաւ «Հայ դպրո­ցը. ան­ցեա­լէն դէ­պի այ­սօր» խո­րագ­րեալ հան­դի­սու­թիւն մը։ Կեդ­րո­նա­կան­ցի­նե­րը այս հանգ­րուա­նը ար­ժե­ւո­րե­ցին՝ ի­րենց ակ­նար­կը սե­ւե­ռե­լով հայ դպրո­ցի ա­ռա­քե­լու­թեան ու պատ­մու­թեան վրայ։ Իս­կա­պէս շատ խոր­քա­յին մօ­տե­ցու­մով պատ­րաս­տուած յայ­տա­գիր մըն էր այս մէ­կը։ Դա­րե­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս դպրո­ցին ու­նե­ցած ճա­կա­տագ­րա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը շատ խտա­ցեալ ու դի­պուկ ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ այս ձեռ­նար­կով, որ ու­նէր իր յստակ պատ­գա­մը։ Ար­դա­րեւ, ան­ցեա­լին քա­ղուած ար­դիւն­քը այ­սօր պատ­մա­կան դա­սի նման դէմ յան­դի­ման է հա­յոց մե­րօ­րեայ սե­րունդ­նե­րուն։ Երբ սփիւռ­քեան մեր կեան­քէն ներս կրթա­կան հա­մա­կար­գը ա­հա­զան­գա­յին կա­ցու­թեան մը մատ­նուած է՝ կեդ­րո­նա­կան­ցի­նե­րը փոր­ձե­ցին բա­նալ պա­տու­հան մը։ Այդ պա­տու­հա­նէն թէ՛ կը շո­ղար լա­ւա­տե­սու­թեան լոյ­սը եւ թէ կը հաս­նէր յա­մառ աշ­խա­տան­քի պատ­գա­մը։ Կեդ­րո­նա­կան­ցի­նե­րը դպրո­ցի յո­բե­լեա­նը պա­տեհ ա­ռիթ մը նկա­տած էին՝ յի­շեց­նե­լու հա­մար, որ պէտք չէ յու­սալ­քուիլ առ­կայ պայ­ման­նե­րով ու պէտք է նո­րո­վի ե­ռան­դով հե­տա­մուտ ըլ­լալ հայ դպրո­ցի ա­ռա­քե­լու­թեան, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ ա­նոր հունձ­քը չըլ­լայ, ա­պա դժուար է պատ­կե­րաց­նել հա­յոց նոր սե­րունդ­նե­րուն ինք­նու­թեան հար­ցե­րու լու­ծու­մը եւ հա­մազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեան մը յա­ջոր­դը, կրո­ղը ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը։

Կեդ­րո­նա­կա­նի 130-ա­մեա­կի հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Քեն­թէր» թատ­րո­նի բե­մին վրայ, Հար­պի­յէ։ Ծրա­գի­րը մշա­կած էին տնօ­րէ­նու­հի Սիլ­վա Գու­յում­ճեան, ինչ­պէս նաեւ վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը՝ Նա­թա­լի Պաղ­տատ Թու­րաչ, Տիա­նա Պուլ­տուք Եա­նար­տաղ, Լի­զէթ Պայ­րամ Է­րէն, Ա­րաս Սա­րը­չօ­պան եւ Ա­րա­րատ Շե­քե­րեան։ Յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան, Հայր Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան, Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լու եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կար­պիս Պալ­մում­ճեան, մեր կրթա­կան աշ­խար­հէն բա­զում գոր­ծիչ­ներ եւ հիւ­րեր։ Ե­րե­ւա­նէն՝ «Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան» Պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Փրոֆ. Ռու­բէն Միր­զա­խա­նեա­նի կող­մէ ու­ղար­կուած շնոր­հա­ւո­րա­կա­նը ըն­թեր­ցեց Քնա­րիկ Աբ­րա­հա­մեան, որ յատ­կա­պէս այս նպա­տա­կով կար­ճա­տեւ այց մը տուաւ քա­ղաքս։
Սիլ­վա Գու­յում­ճեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ յայ­տա­գի­րը, ո­րուն մէջ ա­ռանց­քա­յին դեր վե­րա­պա­հուած էր դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն։ Իս­կա­պէս ճոխ յայ­տա­գիր մը պատ­րաս­տած էին կեդ­րո­նա­կան­ցի­նե­րը։ Թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մի մը նմա­նու­թեամբ նա­խա­տե­սուած էր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը եւ օ­րուան նիւ­թը մա­տու­ցուե­ցաւ զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րով՝ պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թիւն, պատ­մա­կան լու­սան­կար­նե­րու ներ­կա­յա­ցում, թա­տե­րակ, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, պար, ար­դի պար, նուագ, խմբերգ ու տա­կա­ւին ան­ցեա­լի հե­ղի­նա­կա­ւոր մե­ծու­թիւն­նե­րէն մէջ­բե­րում­ներ եւ ե­րէց սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տե­սագ­րու­թիւ­նով կա­տա­րուած հար­ցազ­րոյց­ներ։ Այս բազ­մա­կող­մա­նի յայ­տագ­րի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մին ալ այն էր, որ հայ դպրո­ցի պատ­մու­թեան եւ ա­ռա­քե­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ ամ­բող­ջա­կան մօ­տե­ցու­մով մը՝ այ­սինքն եր­բեմ­նի հա­յաբ­նակ գա­ւառ­նե­րու կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան կեան­քին ալ ցո­լա­ցու­մով։ Կեդ­րո­նա­կա­նի տղա­քը յա­ջող ձե­ւով կա­տա­րե­ցին ի­րենց ստանձ­նած դե­րը, ինչ որ ընդ­հան­րա­պէս ձեռ­նար­կի ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թեան գրա­ւա­կանն էր։

Կեդ­րո­նա­կան­ցի­նե­րը հան­դի­սու­թեան եզ­րա­փա­կիչ փու­լին խան­դա­վա­ռու­թեամբ եր­գե­ցին «Ով մե­ծաս­քանչ»ը՝ մինչ կը կրէին պաս­տառ­ներ, ո­րոնց վրայ ար­ձա­նագ­րուած էին պոլ­սա­հայ մե­րօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րուն ա­նուն­նե­րը։ Այդ եր­գը ար­դէն ե­կաւ ա­ռա­ւել եւս բիւ­րե­ղաց­նել օ­րուան ի­մաստն ու խոր­հուր­դը՝ սրա­հին մէջ ստեղ­ծե­լով բարձր տրա­մադ­րու­թիւն։ Փա­կու­մը կա­տա­րուե­ցաւ տնօ­րէ­նու­հիին խօս­քով եւ այս յի­շար­ժան հան­դի­սու­թեան բո­լոր մաս­նա­կից­ներն ու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ար­ժա­նա­ցան ծա­փող­ջոյն­նե­րու։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+