Հայաստանի Մէջ Կը Նախատեսուի Կառուցել «Նոյեան Տապան» -
Հայաստանի Մէջ Կը Նախատեսուի Կառուցել «Նոյեան Տապան»
Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի կառուցել «Նոյեան տապան» պատմամշակութային, գիտակրթական համալիր: Այդ նպատակով ստեղծուած է հիմնադրամ, որ կը կրէ «Կառուցենք ազգովի» խորագիրը:
Հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն կը յայտնեն, որ կ՛առաջարկուի մէկտեղել «հայութեան հնարաւորութիւնները համաշխարհային նշանակութեան այս ձեռնարկը իրականութիւն դարձնելու համար»:
Տապանը պիտի կառուցուի Արարատին դիմահայեաց բարձունքին վրայ: Պիտի ունենայ այն տեսքն ու այն չափերը, ինչ որ նկարագրուած է Աստուածաշունչին մէջ․ երկարութիւնը 300 կանգուն (132 մեթր), լայնութիւնը 50 կանգուն (22 մեթր), բարձրութիւնը 30 կանգուն (13.2 մեթր): Պիտի կառուցուի երկաթ-կրաձոյլէ, երեսը պիտի պատուի փայտով:
«Տապանը պիտի յիշեցնէ, որ մարդկութեան նախահայրենիքը Հայաստանն է: Համաշխարհային ջրհեղեղէն ետք հայոց աշխարհէն սկիզբ առաւ անոր փրկութիւնը: Ուստի պատմամշակութային, գիտակրթական այս համալիրը պիտի ունենայ համամարդկային նշանակութիւն: Անիկա փաստացի պիտի ըլլայ մարդկութեան` իր տեսակին մէջ աշխարհի մէջ եղած միակ սրբավայրը, որ չ՛ենթադրեր կրօնական խտրականութիւն, ուր կ’իշխէ խաղաղութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը: Գտնուելով Հայաստան, իբրեւ համամարդկային արժէք, պիտի պատկանի ամբողջ մարդկութեան, պիտի դառնայ ուխտատեղի բոլոր ազգութիւններու համար»,- ըստ «Փանարմինըն»-ի՝ ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Տապանին մէջ պիտի կառուցուի 200 տաղաւարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ պիտի տեղադրուին առանձին ազգերու, ժողովուրդներու կամ պետութիւններու դրօշներն ու զինանշանները, անոնց ազգային մշակոյթն արժեւորող տարբեր ցուցանմուշներ:
Համալիրը պիտի ունենայ նաեւ գործառնական նշանակութիւն. իր 40 առանձնասենեակը պիտի առաջարկէ ուխտաւորներուն ու զբօսաշրջիկներուն: Անոր մէջ պիտի ըլլան թանգարան, պատկերասրահ, գրադարան: Միաժամանակ պիտի ապահովէ պետական-պաշտօնական գործառոյթ. Պիտի ունենայ համաժողովներու դահլիճներ, կառավարութեան ընդունելութիւններու, ինչպէս նաեւ պետական նշանակութեան հանդիսութիւններու սրահներ:
Արդէն ձեւաւորուած է հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը: Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն հաստատուած է «Ֆեղարուեստի կոմբինատ»-ի տնօրէն Մարտուն Յարութիւնեան:
Ծրագիրը պիտի ներկայացուի Կառավարութիւն: Համապատասխան հողատարածքը յատկացուելէ ետք պիտի սկսին կառոյցի նախագծման եւ շինարարական աշխատանքները:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com