Գուրգէն Տապաղեան Ժողովրդական Երգերով Գրաւեց Պոլսահայ Հանդիսատեսին Սիրտը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

11 Mayıs 2017  

Գուրգէն Տապաղեան Ժողովրդական Երգերով Գրաւեց Պոլսահայ Հանդիսատեսին Սիրտը -

Գուրգէն Տապաղեան Ժողովրդական Երգերով Գրաւեց Պոլսահայ Հանդիսատեսին Սիրտը Գուրգէն Տապաղեան Ժողովրդական Երգերով Գրաւեց Պոլսահայ Հանդիսատեսին Սիրտը

Հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ե­րի­տա­սարդ հա­մակ­րե­լի աստ­ղե­րէն Գուր­գէն Տա­պա­ղեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ան­մո­ռա­նա­լի ե­լոյ­թով մը գրա­ւեց պոլ­սա­հայ ա­րուես­տա­սէր­նե­րու սիր­տը։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 85-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, ո­րով ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Ե­րե­ւա­նէն հիւ­րա­բար քա­ղաքս ժա­մա­նած ե­րի­տա­սարդ մե­նա­կա­տա­րը ան­բա­ցատ­րե­լի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծեց սրա­հին մէջ։ Իր կա­տար­մամբ հնչած հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րը խոր ապ­րում­ներ պար­գե­ւե­ցին ունկն­դիր­նե­րուն։ Ի­րեն նուա­գակ­ցե­ցան նոյն­պէս Ե­րե­ւա­նէն՝ Գէորգ Տա­պա­ղեան, Նա­րեկ Մնա­ցա­կա­նեան, Վար­դան Պաղ­տա­սա­րեան, Յո­վիկ Յով­հան­նէ­սով, Կա­մօ Խա­չատ­րեան, Կա­րի­նէ Յով­հան­նի­սեան եւ Ար­տեմ Խա­չա­տուր։

Սէր­լի Մա­յի­սօղ­լուի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ ձեռ­նար­կը, ո­րուն ներ­կայ էին՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան, Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին նաեւ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան խորհր­դա­կան Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն եւ Սի­րան Սուր­քի, Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ եւ բա­զում հիւ­րեր։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին գնա­հա­տան­քի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, որ եւս ե­րե­կոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րած էր մեծ ջան­քեր։ Ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն յանձ­նուե­ցան շնոր­հա­կա­լագ­րեր՝ մինչ հան­դի­սա­տես­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու տա­րափ մը ստեղ­ծե­ցին սրա­հէն ներս՝ հայ­րե­նի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն հա­մա­ր։





Bu haber Jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+