​Արամ Ա. Կը Շնորհաւորէ Ֆրանսայի Նորընտիր Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

11 Mayıs 2017  

​Արամ Ա. Կը Շնորհաւորէ Ֆրանսայի Նորընտիր Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը -

​Արամ Ա. Կը Շնորհաւորէ Ֆրանսայի Նորընտիր Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ​Արամ Ա. Կը Շնորհաւորէ Ֆրանսայի Նորընտիր Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը

Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ընտրութեան առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհաւորական հետեւեալ նամակը յղեց.

«Վսեմաշուք նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն,

Նորընտիր նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան,

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իրեն ենթակայ թեմերու ժողովուրդին անունով, եւ անձնապէս, մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը ներկայացնենք ձեզի՝ Ֆրանսայի նախագահ ընտրութեան առիթով: Մեր երկու ժողովուրդներուն ունեցած պատմական եւ բարեկամական կապերը մեզ կը մղեն մաղթելու, որ ձեր նախագահութեան շրջանին Ֆրանսան կարենայ վերագտնել իր ներքին միասնականութիւնը եւ ընթանայ առաւել ծաղկուն:

Արդարեւ, Ֆրանսան կարեւոր դեր ունի միջազգային գետնի վրայ: Վստահ ենք, որ Ֆրանսան միշտ պիտի մնայ արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց ջատագով Կովկասի, Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի բոլոր կողմերը, ի պաշտպանութիւն ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ մարդկային արժէքներուն: Կը սպասենք, որ Հայ Դատի նկատմամբ նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի զօրակցութիւնն ու կեցուածքը դուք շարունակէք: Մեր մաղթանքն է, որ դուք նաեւ շարունակէք եւ աւելի հզօրացնէք Ֆրանսայի դերը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակէն ներս՝ ի խնդիր Արցախի անկախութեան եւ հարաւային Կովկասէն ներս վերջնական խաղաղութեան հաստատման: Մեր յոյսն է, պարոն նախագահ, որ դուք զօրավիգ կանգնիք Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման ձգտող աշխատանքներուն: Վերջապէս, սպասելի է, որ Ֆրանսան աւելի ազդու դեր կատարէ Սուրիայէն ներս վերջ դնելու ներքին կռիւներուն, որոնց հետեւանքը եղած է ահաւոր ժողովուրդին վրայ՝ ներառեալ հայ համայնքին:

Սիրելի պրն. նախագահ, վստահ եղէք, որ մենք յիշեալ աշխատանքներուն մէջ զօրավիգ կը կանգնինք ձեզի, ինչպէս նաեւ մեր Սուրբ Աթոռը ու իր համայնքները:

Ձեզի կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն ձեր առաքելութեան մէջ:



ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ»

8 Մայիս 2017, Անթիլիաս





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+