Փենթակոն Հաւանութիւն Տուած Է Ասիոյ Մէջ Զինուորական Ներկայութեան Համար 8 Միլիառ Տոլարի Յատկացումին0 -
Փենթակոն Հաւանութիւն Տուած Է Ասիոյ Մէջ Զինուորական Ներկայութեան Համար 8 Միլիառ Տոլարի Յատկացումին
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Փենթակոնը հաւանութեան արժանացուցած է յաջորդ հինգ տարիներուն ընթացքին Ասիա-խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան աճեցման նպատակով շուրջ 8 միլիառ տոլարի յատկացման ծրագիրը:
Ծրագիրը կ՛ենթադրէ զինուորական ենթակառոյցներու արդիականացում, լրացուցիչ ռազմափորձերու կատարում ու նոր ուժերու եւ նաւերու տեղակայում:
Ծրագիրը ի սկզբանէ ներկայացուցած է ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյն: Ան իր առաջարկները կոչած է «Ասիա-խաղաղովկիանոսեան կայունութեան նախաձեռնութիւն»: Նախաձեռնութիւնը աջակցութիւն ստացած է Քոնկրեսի այլ անդամներու, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսի եւ Խաղաղովկիանոսեան հրամանատարութեան ղեկավար Հարի Հարիսի կողմէ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com