Շարմազանով. «ՀՀԿ-ՀՅԴ Համաձայնագիրը Պիտի Կնքուի 2017-էն 2022 Ժամանակաշրջանին Համար» -
Շարմազանով. «ՀՀԿ-ՀՅԴ Համաձայնագիրը Պիտի Կնքուի 2017-էն 2022 Ժամանակաշրջանին Համար»
Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընթանան համաձայնագիրի բանակցութիւնները, ՀՀԿ-ի բանբեր Էդուարդ Շարմազանով նշեց, որ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու բանակցութիւնները փաստաթուղթի բաժինով աւարտած են, փաստաթուղթը պատրաստ է եւ շուտով պիտի հրապարակուի:
«Անիկա պիտի կոչուի քոալիսիոն համաձայնագիր ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի միջեւ, որ ի զօրու է 2017-էն 2022 ժամանակաշրջանին համար: Ինչ կը վերաբերի նախարարական պաշտօններուն, Ազգային ժողովի փոխնախագահի հարցին, ապա նման հարցերու չենք անդրադարձած», ըսաւ ան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com