Թուրքիոյ Մէջ Կ՛արգիլուի «Ուիքիփետիա»-ն. Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Աւելի Քան 3900 Աշխատակից Հեռացուցած - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

01 Mayıs 2017  

Թուրքիոյ Մէջ Կ՛արգիլուի «Ուիքիփետիա»-ն. Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Աւելի Քան 3900 Աշխատակից Հեռացուցած -

Թուրքիոյ Մէջ Կ՛արգիլուի «Ուիքիփետիա»-ն. Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Աւելի Քան 3900 Աշխատակից Հեռացուցած Թուրքիոյ Մէջ Կ՛արգիլուի «Ուիքիփետիա»-ն. Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Աւելի Քան 3900 Աշխատակից Հեռացուցած Են Քաղաքացիական Ծառայութեան Մարզէն

Թուրքիոյ իշխանութիւնը աւելի քան 3900 աշխատակից հեռացուցած է քաղաքացիական ծառայութեան, բանակի եւ զինուորական ոստիկանութեան մարզերէն: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին շաբաթ օր իր պաշտօնական թերթին մէջ յայտնած է թրքական կառավարութիւնը:

Կը նշուի, որ ասիկա անցեալ տարուան զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք տեղի ունեցած նորագոյն լայնածաւալ զտումն է:

Գործէ հեռացուածներուն շարքին ընդգրկուած են բանտապահներ, գործավարներ, ակադեմիկոսներ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածքային վարչութիւններու աշխատակիցներ, որոնք բոլորն ալ կը կասկածուին «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ առնչութիւն ունենալու եւ ազգային ապահովութեան դէմ վտանգ ներկայացնելու» մէջ:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ յեղաշրջման փորձէն ի վեր 120.000 մարդ հեռացուած է աշխատանքէ քաղաքական ծառայութեան եւ ոչ պետական հատուածէն, իսկ 40.000-է աւելին ձերբակալուած է:

Շաբաթ օր Թուրքիոյ մէջ արգիլուած է նաեւ հանրածանօթ «Ուիքիփետիա» համացանցային հանրագիտարանը, այս մասին յայտնած են Թուրքիոյ տեղեկատուական ու հաղորդակցային ճարտարագիտութիւններու հարցերով պատասխանատու մարմինները: «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ի հաղորդումով, իշխանութիւնները յայտնած են, որ կայքը արգիլուած է երկրին տարածքին:

Արգիլումը կատարուած է հիմնուելով թիւ 5651 օրէնքին վրայ, որ կը վերաբերի համացանցի կարգաւորման եւ տուեալ մարզին մէջ կատարուած յանցագործութիւններու դէմ պայքարին:

Թրքական աղբիւր մը «Կազեթա.ռու» կայքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու, նաւարկութեան եւ կապի նախարարութիւնը «Ուիքիփետիա» կայքի ղեկավարութիւնը տեղեակ պահած է համացանցային հանրագիտարանը արգիլելու մտադրութեան մասին` այդ որոշումը պատճառաբանելով Թուրքիոյ վարկին վրայ բացասական ազդեցութիւն ձգող հրապարակումներով:

Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կարծիքով` «ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ներդրումներ կատարելու փոխարէն «Ուիքիփետիա»-ն դարձած է միջազգային ասպարէզի վրայ Թուրքիոյ կերպարը սեւցնելու արշաւին մէկ մասը», որովհետեւ անոր նիւթերուն մէջ տուեալներ յայտնուած էին «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ Անգարայի ենթադրեալ կապին» վերաբերեալ:

Նախարարութենէն ընդգծած են, որ տուեալ բովանդակութեան ջնջման պարագային կայքի հասանելիութիւնը կրնայ վերականգնիլ: Թուրքիոյ տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան ճարտարագիտութիւններու իշխանութիւնը յայտնած է, որ որդեգրուած է «վարչական միջոցառում» մը: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն արձակուի նախնական հրամանը ամրագրող դատական պաշտօնական վճիռ մը:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ «Ուիքիփետիա»-ի հիմնադիր Ճիմի Ուէյլզ հակադարձելով արգիլումի որոշումին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Տեղեկութեան հասանելիութիւն ունենալը մարդկային հիմնարար իրաւունք մըն է: Ո՛վ թուրք ժողովուրդ, այս իրաւունքին համար պայքարին մէջ պիտի ըլլանք միշտ քու կողքիդ»:

Նշենք, որ Թուրքիա անցեալին ժամանակաւորապէս արգիլած է նաեւ ընկերային ցանցեր, ինչպէս` Դիմատետրը եւ «Թուիթըր»-ը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+