Պոլսոյ Մէջ Ահաբեկուած Է Իրանեան Պատկերասփիւռի Կայանի Մը Հիմնադիրը -
Պոլսոյ Մէջ Ահաբեկուած Է Իրանեան Պատկերասփիւռի Կայանի Մը Հիմնադիրը
Պարսկերէն «Ճեմ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հիմնադիրն ու տնօրէնը սպաննուած է Պոլսոյ մէջ: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ 45-ամեայ Սայիտ Քարիմեան իր քուէյթցի գործընկերոջ հետ սպաննուած է Պոլսոյ Մասլաք թաղամասին մէջ: Զինք ահաբեկողներուն ինքնաշարժը հետագային հրկիզուած գտնուած է:
Քարիմեան նախապէս Իրանի դէմ քարոզչութիւն կատարելուն համար ի բացակայութեան վեց տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է թեհրանեան դատարանի մը կողմէ:
Ան տեղւոյն վրայ մահացած է, երբ դիմակաւոր զինեալներ շաբաթ երեկոյեան կրակ բացած են իր ինքնաշարժին վրայ: Անոր գործընկերը հետագային մահացած է հիւանդանոցին մէջ:
«Ճեմ Թի.Վի.»-ն, որ օտար ու արեւմտեան յայտագիրներ պարսկերէնի կը թարգմանէ եւ կը սփռէ դէպի Իրան, իրանեան իշխանութիւններուն կողմէ քննադատուած է իսլամական արժէքներուն դէմ յայտագիրներ ցուցադրելուն եւ արեւմտեան մշակոյթը տարածելուն համար:
Քարիմեանի ընտանիքին անդամները «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած են, որ Քարիմեան վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին իրանեան վարչակարգին կողմէ սպառնալիքներ ստացած է եւ այդ պատճառով ալ կը ծրագրէր Պոլիսէն հեռանալով վերադառնալ Լոնտոն:
Բայց եւ այնպէս թրքական կառավարութենէն աղբիւրներ յայտնած են, որ սպանութիւնը կրնայ առնչուած ըլլալ անոր գործին եւ քրէական խմբաւորումներու հետ:
«Ճեմ կրուփ»-ը հիմնուած է Լոնտոնի մէջ, սակայն հետագային իր գործունէութիւնը ընդլայնած է Տուպայի մէջ: Ըստ ընկերութեան կայքին, անիկա 17 պարսկերէն կայաններ ունի, ինչպէս նաեւ մէկական քրտերէն, ազրպէյճաներէն եւ արաբերէն կայան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com