28 Ապրիլին Մոսկուայի Մէջ Նալբանդեան-Լաւրով-Մամետեարով Հանդիպում -
28 Ապրիլին Մոսկուայի Մէջ Նալբանդեան-Լաւրով-Մամետեարով Հանդիպում
28 ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի, Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը` ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման վերաբերող հարցերու քննարկման նպատակով:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն` աւելցնելով, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հրաւէրով:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, թէ Ռուսիա կը տեսնէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Մերձտնեսթրի մէջ տագնապներու լուծման օգնելու ԵԱՀԿ-ի ձգտումը:
Ան յայտնած է, որ Ռուսիա կը տեսնէ նաեւ ԵԱՀԿ-ի դրական աշխուժ մասնակցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերով ժընեւեան քննարկումներուն:
«Այդ բոլոր ուղղութիւններով գոյութիւն ունին լուծման ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու համար լուրջ խոչընդոտներ: Սակայն առնուազն բոլոր արտաքին առնչակից խաղացողները մտադիր են անմիջականօրէն առնչակից կողմերուն միջեւ փոխադարձ զիջումներ գտնելու պայմաններ ստեղծել», ըսած է Լաւրով:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com