​Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի նշումը Իտալիոյ տարածքին մէջ - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

20 Nisan 2017  

​Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի նշումը Իտալիոյ տարածքին մէջ -

​Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի նշումը Իտալիոյ տարածքին մէջ ​Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի նշումը Իտալիոյ տարածքին մէջ

Ամենուրէք, աշխարհի որեւէ մէկ քաղաքի կամ գիւղի մէջ ուր հայ մը կ՛ապրի, այդ վայրը կը դառնայ ուխտավայր ուր կը մեծարուին ու կը յիշատակուին մեր բիւրաւոր նահատակ հայրերն ու մայրերը, եղբայրներն ու քոյրերը, մեծ հայրերն ու մեծ մայրիկները, որոնք իրենց արիւնը դափեցին վասն կրօնի եւ հայրենեաց։

Իտալիոյ մէջ եւս, ուր դարեր ի վեր գոյութիւն ունին հայկական փոքրիկ ծուխեր, 24 Ապրիլը դարձած է նաեւ տեղացիներուն համար յիշատակումի օր։ Բաւարար է վերյիշել թէ իտալական 109 քաղաքապետարաններ ու մարզային եւ նահանգային կառավարութիւններ որդեգրած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող ու դատապարտող բանաձեւեր, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Հայ ազգի զաւակներուն։

Այդ Քաղաքապետարաններուն վերջինը եղած է Սասսօ Մարքոնի անուամբ քաղաքի քաղաքապետարանը, որ անցեալ 29 մարտ 2017-ին, միաձայնութեամբ ընդունեց հայ ժողովուրդի զօրակցութիւն յայտնող բանաձեւ մը, որով կը դատապարտուի 102 տարիներ առաջ իրագործուած տմարդկային ոճիրը։ Նոյնը կ՛ընէ նաեւ Թոլֆա անուամբ քաղաքի քաղաքապետարանը, 21 ապրիլ 2017-ին։

Իտալիոյ մէջ նախատեսուած 24 ապրիլի ոգեկոչման արարողութիւններու առընչութեամբ Հռոմի Հայ Գաղութի խորհուրդը իր Ֆեյպուքեան էջին վրայ www.facebook.com/comunitaarmena հրապարակած է այդ արարողութիւններու ու ձեռնարկներու ցանկը` սկսեալ 22 ապրիլ 2017-ին Սասսօ Մարքոնի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած ”Հայոց ցեղասպանութիւնը. Վերապրումի դաս” վերտառութեամբ հրապարակային հանդիպումէն։

Ապա Կիրակի` 23 ապրիլի յետմիջօրէին, Ի եւ ԻԱ դարերու նահատակներու յիշողութեան նուիրուած Հռոմի Սուրբ Բարթողոմէոսի անուան մայր տաճարին մէջ, տեղի կ՛ունենայ հսկում, առ ի պատրաստութիւն 24 ապրիլի հոգեւոր արարողութեան որ նախատեսուած է յաջորդ օր` երկուշաբթի երեկոյեան վեցին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի պատկան Սուրբ Նիկողայոսի անուան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, որուն կը յաջորդէ թափօր` մինչեւ բակին մէջ զետեղուած ու նահատակներուն նուիրուած խաչքար, ուր կը կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։

Նոյն օրը, առաւօտեան 10-ին, Միլանի Սան Ամպրոճիօ Պազիլիքայի մօտակայքը գտնուող Խաչքարին առջեւ նախատեսուած է Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յարգանքի տուրք եւ աղօթք, որուն կը յաջորդէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը` Միլանի Սուրբ Քառասուն Մանկունք Հայկական եկեղեցւոյ մէջ ։

Երկուշաբթի 24 ապրիլին Փատովայի հայ գաղութը եւս երկու յատուկ արարողութիւններով կը յիշատակէ Մեծ Եղեռնի 102-րդ տարելիցը. առաջինը` առաւօտեան 9,30-ին Սուրբ Անդրէասի նուիրուած Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, իսկ երկրորդը 11-ին, Փատովայի քաղաքապետարանի մասնակցութեամբ, Քաղաքապետարանի մուտքին զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց։

Նափոլիի փոքրիկ համայնքը եւս 24 ապրիլ 2017-ին կազմակերպած է ոգեկոչումի յատուկ արարողութիւն, զոր տեղի պիտի ունենայ յետմիջօրէի 5-ին, Նափոլիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ անուան տաճարի ներքնաբակին մէջ զետեղուած Խաչքարին առջեւ։

Հուսկ Սարտենայի Քարլոֆորդէ անուան քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առթիւ, 224 ապրիլ 2017-ին, նախատեսուած է ցեղասպանութեան նուիրուած ` ”Հայոց ցեղասպանութիւնը` լռութեան 100 տարիներ” վերտառութեամբ գիրքի շնորհանդէս։

Յարգանք ապրիլեան նահատակներուն։





Bu haber hayernaysor kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (hayernaysor) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(hayernaysor). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+