Չաւուշօղլու ԵԱՀԿ-ի Եւ ԵԽԽՎ-ի Դէտերը Մեղադրած Է Ահաբեկչութեան Աջակցելու Ամբաստանութեամբ -
Չաւուշօղլու ԵԱՀԿ-ի Եւ ԵԽԽՎ-ի Դէտերը Մեղադրած Է Ահաբեկչութեան Աջակցելու Ամբաստանութեամբ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նոր մեղադրանքներ հնչեցուցած է ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի եւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) հասցէին` վերջիններուս կողմէ Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին վերաբերեալ հրապարակուած քննադատական զեկուցումին առնչութեամբ: Ինչպէս «Արմէնփրես» կը նշէ, այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի եւ ԵԽԽՎ-ի կողմէ եկած դիտորդական առաքելութեան շարք մը անդամներ մասնակցած են Թուրքիոյ դէմ կազմակերպուած հաւաքներուն եւ հանրաքուէէն առաջ «Ոչ»-ի արշաւ կատարած: «Այս անգամ եկած պատուիրակութիւնը լաւ մտադրութիւններով չէ եկած. կանխակալ եկած է եւ թեքնիք հարցերէն այն կողմ քաղաքական հարցերու մէջ մտած, մինչդեռ անոնց գործը քաղաքական մեկնաբանութիւնները ընելը չէ», նշած է Չաւուշօղլու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը մեղադրած է առաքելութեան անդամները ահաբեկչութեան աջակցելու ամբաստանութեամբ` յիշեցնելով, որ անոնց զեկուցումը պարտադիր բնոյթ չունի:
Ան յայտնած է նաեւ, որ մուտքի արտօնագիրի ազատականացման մասին իրենց վերջին առաջարկը պիտի ներկայացնեն Եւրոպական Միութեան: «Արդէն թող որոշում տան: Կա՛մ այո, կա՛մ ոչ: Եթէ «Ոչ» ըսեն, միւս համաձայնագիրները, ներառեալ գաղթականներու հարցով համաձայնագիրը, չեղեալ պիտի նկատուի», ըսած է Չաւուշօղլու` յայտարարելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիան շանթաժի ենթարկելով ոչ մէկ տեղ կրնայ հասնիլ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com