​Եւրոպան Հիւանդ Նկատելով. Էրտողան. «Անոնք, Որոնք 100 Տարի Առաջ Ծովը Նետեցինք, Ճիշդ Իրենք Հիմա «Ո՛Չ» - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

11 Nisan 2017  

​Եւրոպան Հիւանդ Նկատելով. Էրտողան. «Անոնք, Որոնք 100 Տարի Առաջ Ծովը Նետեցինք, Ճիշդ Իրենք Հիմա «Ո՛Չ» -

​Եւրոպան Հիւանդ Նկատելով. Էրտողան. «Անոնք, Որոնք 100 Տարի Առաջ Ծովը Նետեցինք, Ճիշդ Իրենք Հիմա «Ո՛Չ» ​Եւրոպան Հիւանդ Նկատելով. Էրտողան. «Անոնք, Որոնք 100 Տարի Առաջ Ծովը Նետեցինք, Ճիշդ Իրենք Հիմա «Ո՛Չ» Կ՛ըսեն Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերող հանրաքուէէն առաջ ծայր առած նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին խօսած է Թուրքիոյ թշնամիներուն մասին:

Թրքական «Տիքեն» կայքը կը գրէ, որ Էրտողան թուրքերուն կոչ ուղղած է` անպայման «այո՛» քուէարկելու կառավարման նախագահական համակարգին եւ նշած, թէ Թուրքիոյ մէջ նախագահին լիազօրութիւններու ընդլայնման դէմ են միայն երկրին թշնամիները:

«Անոնք, որոնք 100 տարի առաջ նետեցինք ծովը, ճիշդ անոնք հիմա «ո՛չ» կ՛ըսեն սահմանադրական փոփոխութիւններուն: Կ՛ուզեն իրենց ձիերով վրայերթի ենթարկել «այո՛» ըսողները», Պոլսոյ մէջ կայացած հանրահաւաքի ընթացքին ըսած է Էրտողան:

Անոր խօսքը 1922-1923 թուականներուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած քեմալական-ազգայնական շարժումին մասին է, որուն ընթացքին ալ, ըստ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան, թուրքերը «Պոսֆորի ջուրերը նետած են կեաւուրները` քրիստոնեայ բռնագրաւիչները»:

Շարժումը Թուրքիոյ պաշտօնական պատմագրութեան մէջ կը նշուի իբրեւ կայսերապաշտութենէն եւ օտար բռնագրաւումէն փրկութեան պայքար ու կը յիշատակուի «Փրկութեան պատերազմ» եզրով:

1922-23-ի ազգայնական այդ շարժումին ընթացքին Թուրքիոյ մէջ գործուած է պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ կոտորուած են Ցեղասպանութենէն ետք Արեւմտեան Հայաստան վերադարձած տասնեակ հազարաւոր հայեր:

Միւս կողմէ` Էրտողան նաեւ յայտարարած է, որ եւրոպացիները կը հալածեն Եւրոպա ապրող թուրքերը, իսկ ասոր պատասխանը շատ շուտով պիտի տայ Թուրքիան:

«Այդ բոլորին գինը անոնք պիտի վճարեն սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հանրաքուէէն ետք», յայտարարած է ան:

Թուրքիոյ նախագահը պնդած է, որ Եւրոպան «հիւանդ» է, եւ իրականութեան մէջ ինքնին անոնց տնտեսութիւնն է, որ կը կործանի, եւ ոչ թէ Թուրքիոյ:

«Իրականութեան մէջ հիւանդը ինքնին անոնք են: Եւրոպայի տնտեսական վիճակը կը վատթարանայ: Նացիական ժահրը տարածուած է անոնց մէջ: Այս անգամ անոնց գործը շատ բարդ պիտի ըլլայ», ըսած է Էրտողան:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+